image

«Ա՛յո Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգման». Գրեց՝ Արամ Չափարեան

«Ա՛յո  Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգման». Գրեց՝ Արամ Չափարեան

Ժողովրդավարութիւնը միայն ընտրութիւններու թուականներ դնելով չէ, այլ՝ կը վերաբերի իր խոստումները յարգելու եւ իր ճշդած քաղաքականութիւնները իրագործելու պետութեան կարողութեան ինչպէս նաեւ քաղաքացիին տալու այն երաշխիքը, որ իր ձայնը չի կորսուիր սնտուկներուն մէջ՝ առանց իրական փոփոխութիւն բերելու: Եկէք ժամանակ տանք անոր, որուն արժանի է՝ ոչ թէ ընտրութիւնները յետաձգելու համար, այլեւ զանոնք հասունցնելու համար:

Ֆինանսական ոլորտի  գործիչ, ելեւմտագէտ  Արամ Չափարեան կը գրէ՝ 

 

Ժամանակի մը մէջ երբ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները զիրար կը խաչաձեւեն եւ Լիբանանի պետութիւնը բեռնաւորուած է կառուցուածքային մնայուն մարտահրաւէրներով, կարեւոր հարցում մը կը ծագի. արդեօք ճի՞շդ է պնդել, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները որոշուած ժամանակին տեղի ունենան կամ յետաձգելը ազգային անհրաժեշտութիւն մըն է: Այդ հարցումին պատասխան գտնելը դիւրին չէ, սակայն կ'արժէ անոր մասին մտածել՝ հեռու լոզունքներէ ինչպէս նաեւ ներկայի քաղաքական եւ սահմանադրական իրականութեան լոյսին տակ:

 

Նախագահ Ժոզէֆ Աունի նախագահութեան ստանձնումէն եւ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան կազմութենէն ի վեր սկսան երեւիլ նշանները նոր մօտեցումի մը, որ կը նպատակադրէ գործի լծել սահմանադրական հիմնարկութիւնները ինչպէս նաեւ վերականգնել ազգային իրաւունքները՝ շարունակականութեան տրամաբանութեամբ եւ ոչ շտապելու, բարեկարգումի համար եւ ոչ գեղեցկացնելու: Որդեգրուած այդ ուղղութիւնը չի համարուիր սոսկ վարչական որոշում մը, այլ՝ անիկա փիլիսոփայութիւնն է վարչակարգի մը, որ կը նպատակադրէ օրէնքի գերակայութիւնը հաստատել երկրին մէջ ինչպէս նաեւ քաղաքական համակարգին նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը ամրապնդել՝ պետական կառոյցներուն երկար տարիներու կուտակումներէն եւ անդամալուծութենէն ետք:

 

Իրապէս ականտես եղանք պետական ոլորտին մէջ մեծ թիւով նշանակումներու, որոնց նպատակն էր լեցնել նախորդ հանգրուանին երկրին մէջ ստեղծուած վարչական բացերը ինչպէս նաեւ կենսունակութիւն յառաջ բերել պետական հիմնարկութիւններուն մէջ: Եւ հակառակ այդ բարեկարգման ընթացքի դանդաղութեան, անիկա ցոյց կու տայ, թէ որքան լուրջ է պետութիւնը արդիական հիմերով եւ փաթանցիկութեան սկզբունքով երկիրը վերակառուցանելու իր միտումին մէջ:

 

Առաջին՝ սկզբունքային առումով հարց չունինք սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամանակները յարգելու հետ՝ տրուած ըլլալով, որ ժողովրդավարութիւնը կարելի չէ հիմնել յետաձգումներու վրայ: Սակայն թեքնիք առումով, կառավարութեան վստահութեան քուէարկութենէն (2024-ի վերջերը) մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները (2026 գարուն) երկարող ժամանակամիջոցը բաւարար չէ կիրարկելու համար այն ինչ որ նշուած է ներկայի կառավարութեան նախարարական յայտարարագիրին մէջ եւ ընդհանուր քաղաքականութիւններուն առումով ոչ ալ բաւարար է չափելու համար անոնց ազդեցութիւնը քաղաքացիին կեանքին վրայ՝ Լիբանանի դիմագրաւած կառուցուածքային մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ:

 

Երկրորդ՝ Լիբանանի քաղաքական իրադրութիւնը՝ իր կուսակցական եւ յարանուանական բարդութիւններով, պատճառ կը դառնայ, որ ընտրութիւններուն նոյն խորհրդարանական դաշինքները ներկայացուին՝ առանց ոյժերու հաւասարակշռութեան մէջ որեւէ հիմնական փոփոխութեան: Հետեւաբար որոշուած ժամանակին ընտրութիւնները կայացնելը իրական փոփոխութիւն պիտի չբերէ քաղաքական դաշտին մէջ, այլ՝ անիկա երկիրը պիտի մտցնէ պաշտօններու փոխանցման երկար հանգրուանի մը մէջ, սպասելով վարչապետի եւ կառավարութեան նշանակման, որ ամիսներ տեւող գործընթաց մըն է՝ ինչ որ գործնականօրէն կը նշանակէ, թէ երկիրը ամբողջ տարի մը պիտի կորսնցնէ՝ քաղաքական եւ վարչական գործունէութեան առումով:

 

Երրորդ՝ ընտրութեան օրէնքը ամբողջական չէ, եւ ներկայի կառավարութիւնը յստակացուցած է, որ անհրաժեշտ է հիմնական բարեփոխութիւններ կատարել անոր մէջ: Առաւել, կը պատրաստուինք սկսիլ լիբանանցի սփիւռքի գրանցումը, ինչ որ յաւելեալ ժամանակ կը պահանջէ՝ երաշխաւորելու համար արդար եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւն, որ իրապէս կ'արտացոլացնէ լիբանանցիներուն բոլոր խմբաւորումներուն ներկայացուցչութիւնը: Առաւել, յառաջիկայ կառավարութեան նախարարական յայտարարագիրը հաւանաբար հիմնականօրէն շատ պիտի չտարբերի ներկայինէն՝ ինչ որ կը նշանակէ, թէ փոփոխութիւնը պիտի ըլլայ ձեւական եւ ոչ կառուցուածքային:

 

Վերը նշուածներուն վրայ հիմնուելով, երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգուիլը, նոյնիսկ որ կը թուի ըլլալ անսովոր այլընտրանք մը, կը ծառայէ երկրին եւ քաղաքացիին շահերուն թէ՛ թեքնիք եւ թէ՛ սահմանադրական առումով: Ատիկա կառավարութեան պիտի տայ իրական առիթ մը՝ անցնելու հիմնադրութեան հանգրուանէն գործադրութեան հանգրուան՝ հեռու նեղ հաշիւներէ եւ երաշխաւորելով քաղաքական եւ վարչական կայունութիւն, որ կը վերադարձնէ պետութեան վարկը կամ հեղինակութիւնը եւ քաղաքացիին վստահութիւնը երկրին հիմնարկութիւններուն նկատմամբ:

 

Եզրակացնելու համար, ժողովրդավարութիւնը միայն ընտրութիւններու թուականներ դնելով չէ, այլ՝ կը վերաբերի իր խոստումները յարգելու եւ իր ճշդած քաղաքականութիւնները իրագործելու պետութեան կարողութեան ինչպէս նաեւ քաղաքացիին տալու այն երաշխիքը, որ իր ձայնը չի կորսուիր սնտուկներուն մէջ՝ առանց իրական փոփոխութիւն բերելու: Եկէք ժամանակ տանք անոր, որուն արժանի է՝ ոչ թէ ընտրութիւնները յետաձգելու համար, այլեւ զանոնք հասունցնելու համար: