Լիբանանի հարաւին հասցուած Իսրայէլի հարուածները, որոնց հետեւանքով զոհուած է լրագրող Ամալ Խալիլը, ինչպէս նաեւ փրկարար ծառայութիւններու մուտքը խոչընդոտելը՝ պատերազմական յանցագործութիւններ են։ Այս մասին Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամը գրած է X ընկերային ցանցին իր էջին վրայ։
«Լրագրողներուն դէմ գրոհները, անոնց մօտ փրկարար խումբերու մուտքը խոչընդոտելը, ինչպէս նաեւ այդ ծառայութիւններու ժամանումէն ետք անոնց գտնուելու վայրին վրայ կրկնակի հարուածները՝ պատերազմական յանցագործութիւններ են»,– կը նշուի Լիբանանի վարչապետի հաղորդագրութեան մէջ։
Ան նշած է, որ երկրի հարաւային շրջանին մէջ մասնագիտական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ լրագրողները հարուածելը այլեւս առանձին միջադէպեր չեն, այլ դարձած են կայուն գործելակերպ, որ Լիբանանը կը դատապարտէ եւ կը մերժէ։
Սալամի խօսքով՝ Պէյրութը մտադիր է հասնիլ այս միջադէպերուն միջազգային մակարդակով քննութեան եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները։
Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած լրագրող Ամալ Խալիլի ընտանիքին, անոր գործընկերներուն եւ Լիբանանի լրագրողական համայնքին՝ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն։