Թալեպները նախօրէին երկու ուղղութեամբ յարձակած են Ահմատ Մասուտի բանակի վրայ: Յարձակումը ետ մղուած է: Ըստ աֆղանական լրատուամիջոցներու` թալեպներու շարքէն կայ 97 զոհ եւ 134 վիրաւոր: Վիրաւորներ կան նաեւ Փանճշերի պաշտպաններու շարքէն:
Միեւնոյն ժամանակ կը հաղորդուի, որ Աֆղանիստանի դիմադրութեան ճակատի առաջնորդ Ահմատ Մասուտը պատրաստ է հեռանալու քաղաքականութենէն, եթէ թալեպները ստեղծեն ներառական (Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն) եւ ապահովեն քաղաքացիական իրաւունքներու պահպանումը:
«Եթէ թալեպները մտադիր են իշխանութիւնը կիսել բոլորի հետ եւ մտադիր են արդարութիւն հաստատել, հաւասարութիւն եւ ազատութիւն տալ Աֆղանիստանի մէջ բոլորին, ապա ես ետ կը քաշուիմ եւ կը հեռանամ քաղաքականութենէն», – ըսած է ան Foreign Policy- ին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Միւս պայմանը ապակեդրոնացուած գործադիր մարմիններն են: Մասուտն ըսած է, որ մնացած բոլոր տարբերակները իրենց համար անընդունելի են: Աֆղանիստանի դիմադրութեան ճակատի առաջնորդը նաեւ նշած է, որ դուրսէն որեւէ նիւթական աջակցութիւն չի ստանար: