image

97 զոհ, 134 վիրաւոր. արիւնալի մարտեր «Թալեպան»ի եւ դիմադրութեան ճակատի բանակի միջեւ

97 զոհ, 134 վիրաւոր. արիւնալի մարտեր «Թալեպան»ի եւ դիմադրութեան ճակատի բանակի միջեւ

Թալեպները նախօրէին երկու ուղղութեամբ յարձակած են Ահմատ Մասուտի բանակի  վրայ: Յարձակումը ետ մղուած է: Ըստ աֆղանական լրատուամիջոցներու` թալեպներու շարքէն կայ 97 զոհ եւ 134 վիրաւոր: Վիրաւորներ կան նաեւ Փանճշերի պաշտպաններու շարքէն:

Միեւնոյն ժամանակ կը հաղորդուի, որ Աֆղանիստանի դիմադրութեան ճակատի առաջնորդ Ահմատ Մասուտը  պատրաստ է հեռանալու քաղաքականութենէն, եթէ թալեպները ստեղծեն ներառական (Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն) եւ ապահովեն քաղաքացիական իրաւունքներու պահպանումը:

«Եթէ թալեպները մտադիր են իշխանութիւնը կիսել բոլորի հետ եւ մտադիր են արդարութիւն հաստատել, հաւասարութիւն եւ ազատութիւն տալ Աֆղանիստանի մէջ բոլորին, ապա ես ետ կը քաշուիմ եւ կը հեռանամ քաղաքականութենէն», – ըսած է ան Foreign Policy- ին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Միւս պայմանը ապակեդրոնացուած գործադիր մարմիններն են: Մասուտն ըսած է, որ մնացած բոլոր տարբերակները իրենց համար անընդունելի են: Աֆղանիստանի դիմադրութեան ճակատի առաջնորդը նաեւ նշած է, որ դուրսէն որեւէ նիւթական աջակցութիւն չի ստանար: