image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան բանակին որեւէ օգնութիւն պիտի դիտարկենք որպէս յարձակում Թեհրանի դէմ. Իրանի ԶՈւ ընդհանուր սպայակոյտի պետ

Ամերիկեան բանակին որեւէ օգնութիւն պիտի դիտարկենք որպէս յարձակում Թեհրանի դէմ. Իրանի ԶՈւ ընդհանուր սպայակոյտի պետ

 

Իրանի զինուած ուժերը ուշադիր կը հետեւին Պարսից ծոցի երկիրներու տարածքներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու տեղակայման եւ ամերիկեան բանակին ցուցաբերուելիք որեւէ օգնութիւն պիտի դիտարկեն որպէս յարձակում Թեհրանի դէմ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Ալի Ապտոլլահին։

«Միացեալ Նահանգներու ռազմական օդուժի այսպիսի մեծաքանակ ներկայութիւնը, յատկապէս օդանաւ-լիցքաւորիչներու, տարածաշրջանային խարիսխներուն մէջ՝ առանց ընդունող երկիրներու գիտութեան, ծայրայեղ անհաւանական կը թուի»,– նշուած է անոր յայտարարութեան մէջ։

Ապտոլլահին զգուշացուցած է, որ «Միացեալ Նահանգներու յարձակողապաշտ բանակին որեւէ օգնութիւն եւ աջակցութիւն» Թեհրանի կողմէ պիտի դիտարկուի որպէս յանցակցութիւն Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերուն։