image

3 Տարի անց Եգիպտոս եւ Քաթար վերականգնած են իրենց յարաբերութիւնները

3 Տարի անց Եգիպտոս եւ Քաթար վերականգնած են իրենց յարաբերութիւնները

 

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Գահիրէն եւ Տոհան փոխանակած են պաշտօնական յուշագրեր, համաձայն որոնց՝ երկու երկիրները պայմանաւորուած են վերսկսիլ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, կը յայտնէ almasdarnews.com թերթը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւնը եւ Քաթարի Պետութիւնը, 20 յունուարին, փոխանակած են երկու պաշտօնական նոթա, որով երկու երկիրները պայմանաւորուած են վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները»:

 Qatar Airways օդանաւային ընկերութիւնն, իր հերթին, յայտարարած է դէպի Եգիպտոս թռիչքները վերսկսելու մասին, ըստ որու՝ 25 յունուարէն շաբաթական երկու թռիչք պիտի կայանայ դէպի  Աղեքսանտրիոյ Պուրճ ալ-Արապ օդակայան:

 Քաղաքացիական  օդանաւային երթեւեկութեան նախարարութիւնը որոշում կայացուցած է Եգիպտոսի օդային տարածքը վերաբանալ Քաթարի օդանաւային երթեւեկութեան համար, որ փակ էր գրեթէ 3 տարի: