«Արեւելք»ի հարցազրոյցը՝ քուէյթահայ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանին հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձի առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջինի ու պետական բարձրաստիճան այրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանրապետական մաղթանքը կատարուեցաւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, որ այս տարի ենթարկուած էր մասնակի բարենորոգման: Բարենորոգումը իրականացաւ քուէյթահայ գործարար, բարերար եւ մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ. անոր հովանաւորութեամբ երկաթեայ շինարարական աշխատանքներ իրականացան եկեղեցւոյ ներսը: Բարերարը նոյնպէս ներկայ էր հանրապետական մաղթանքին, որմէ յետոյ պատասխանեց «Արեւելքի» հարցերուն.
-Պարոն Գույումճեան, տեղեակ ենք, որ աջակցեցաք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, կ′ըսէ՞ք՝ ինչով աջակցեր էք եւ ինչո՞ւ ընտրեցիք յատկապես այս եկեղեցին:
-Ինչո՞ւ յատկապես այս եկեղեցին… Բախտով էր, որ ընտրուեցաւ, յատուկ որոշուած չէր, պարզապէս Հայաստան իմ այցելութիւններէս մէկուն ժամանակ այցելած էի այս նորակառոյց տաճարը, ներս մտած էի աղօթելու, աղօթքէն ետք այլ հայեացքով նայեցայ եկեղեցւոյ, տեսայ, որ դեռ ընելիք կայ, զգացի, որ դեռ որոշ գործեր աւարտած չեն, կիսատ են: Եւ քանի որ իմ աշխատանքս կապուած է մետաղի հետ՝ Քուէյթի մէջ մետաղեայ ճարտարապետական արտադրութիւն իրականացնող ընկերութիւն ունիմ, որոշեցի, որ այդ ընկերութեան միջոցով ալ լրացնեմ բացը: Դիմեցի Վեհափառին, ներկայացուցի առաջարկս, նշելով, որ եկեղեցւոյ մէջ պակաս գործեր կան, Վեհափառն ալ ըսաւ, որ ժամանակի ընթացքին կամաց-կամաց կ′աւարտենք, ես առաջարկեցի ինքս կատարել եւ աւարտել այդ աշխատանքները:
Երգչախումբի կանգնած տեղի կողային ճաղերը պատրաստեցինք, իսկ յետոյ՝ խորանը ժողովուրդէն անջատող ագանապղինձեայ եւ մարմարեայ ճաղերը: Ուրախ եմ, որ կրցայ իմ ներդրումը ունենալ համայն հայութեան մայրաքաղաքին մէջ խոյացող այս տաճարին:
-Յաճա՞խ կ′այցելէք Հայաստան:
-Այո, յաճախ կ′այցելեմ: Տուն գնած ենք Սայաթ-Նովա պողոտայի վրայ: Ուրախ ենք, որ մեր տունն ունեցանք հայրենիքին մէջ, պէտք է վերանորոգենք, եւ այդ եւս պատճառ կ′ըլլայ աւելի յաճախ գալու Հայաստան:
- Ձեր մասին կը պատմէ՞ք քիչ մը:
-Քուէյթի հնագոյն ընկերութիւններէն մէկուն՝ Metal Center ընկերութեան հիմնադիրն եմ, ընկերութիւնը կը զբաղի վանդակաճաղերու, մեծ հիւրանոցներու մէջ օգտագործուող մետաղեայ ձեւաւորման իրերու, դարբնեգործական նմոյշներու, անբիծ, չժանգոտող, պողպատէ կառուցուածքներու (stainless steel), մեծ ու ժամանակակից առանձնատուներու մէջ գործածուող մետաղեայ ճարտարապետական զարդարանքներու եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ կիրառուող մետաղեայ իրերու արտադրմամբ: Ես Սուրիայէն եմ, բնիկ հալէպցի: Չորս զաւակ ունիմ, երեքը ամուսնացած են, փոքր տղաս դեռ չէ ամուսնացած: Վերջին 40 տարիներէ ի վեր մեր ընտանիքը, մեր տունը, մեր գործը Քուէյթի մէջ է:
-Տուն գնած էք, իսկ Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելու մտադրութիւն կա՞յ:
-Մենք մինչեւ հիմա դեռ ներդրումներ չենք ըրած Հայաստանի մէջ, սակայն այժմ արդէն կայ նման մտադրութիւն՝ զբաղելու պղինձի եւ երկաթի վերամշակմամբ:
-Չէ՞ք կարծէր, որ սփիւռքահայերը աւելի աշխուժօրէն պէտք է մտածեն Հայաստանի մէջ ներդրում ընելու մասին, ի՞նչը կը խանգարէ անոնց:
-Անկասկած պէտք է այդպէս ըլլայ, սակայն արտասահմանցիները չեն կրնար գալ եւ աշխատիլ այստեղ, քանի որ այլ մթնոլորտի, այլ միջավայրի մէջ վարժուած են աշխատիլ: Այդ է հիմնական պատճառը, որ այստեղ չեն կրնար աշխատիլ: Քիչ մը այս միջավայրի հարցն է, թերեւս, որ կը խանգարէ: Բայց ըսեմ, որ իմ եղբայրս Հայաստան կ′աշխատի, FOTON ընկերութեան ներկայացուցիչն է եւ այստեղ գործ սկսած է: Ինքս նոյնպէս նման մտադրութիւն ունիմ, յոյսով եմ՝ կ′իրականանայ:
-Մենք այսօր կը նշենք Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը: Երբ Հայաստանը անկախացաւ, Դուք Քուէյթ էիք, կը յիշէք այդ օրը, ի՞նչ զգացողութիւններ ունէիք:
-Աննկարագրելի էին մեր զգացողութիւնները եւ ապրումները, շատ ուրախ էինք: Բոլորս կ′երազէինք, որ այդ օրը իրականութիւն դառնայ, կ′երազէինք տասնամեակներ շարունակ եւ այդ երազանքը իրականացաւ: Եւ Փառք Աստծոյ, արդէն մենք անկախ Հայաստանի մէջ ենք, կը մնայ պահենք եւ զօրացնենք մեր անկախ երկիրը, իւրաքանչիւրս մեր չափով, ըլլայ հայաստանցի, թէ սփիւռքահայ:
Հարցազրոյցը՝ Գոհար Ստեփանեանի