Երկու տարեկան Արծուիկի այս սաստող ու խօսուն հայեացքը ուղղուած է Աշխարհին… Արծուիկը վիրահատուած է, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Այդ մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրատեանը։
Մարտունի քաղաքի ուղղութեամբ եղած ծանր ռմբակոծութենէն ետք վիրաւորուած 2-ամեայ Արծուիկը Երեւանի «Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցին մէջ վիրահատուած է: Կատարուած գլխու բարդ վիրահատութիւնը անցած է լաւ, երեխային կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Ունի վնասուածքներ նաեւ վերջոյթներու հատուածին, կը գտնուի բժիշկներու ու անձնակազմի խիստ հսկողութեան տակ։
Ռմբակոծութեան հետեւանքով փոքրիկի 9-ամեայ քոյրը մահացած է։