14 Փետրուարին, ժամը 19:00_ի սահմաններուն 23-ամեայ պայմանագրային զինծառայողի մահացու հրազէնային վիրաւորում ստանալու դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով քննչական խումբը դէպքի վայր ժամանած է։ Կը կատարուին համապատասխան քննչական գործողութիւններ։ Այս մասին 14 փետրուարին, յայտնած են ՔԿ-ի լրատւութենէն։
Յիշեցնենք, որ պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, 14 փետրուարին, ժամը 19:00-ի սահմաններուն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Հայկ Ներսէսի Ասրեանը: