image

Զինադադարի Պայմանագիր Մը Գործադրութեան Կը Դրուի Սուրիական 4 Քաղաքներու Մէջ

Զինադադարի Պայմանագիր   Մը Գործադրութեան  Կը Դրուի Սուրիական 4 Քաղաքներու Մէջ

Սուրիա –(«Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- Սուրիական կառավարութիւնն ու  ընդդիմադիր զինեալներու տարբեր ջոկատներ  այսօր  գործի դրին զինադադարի պայմանագիր մը, որ հաստատուած էր 4 սուրիական քաղաքներու մէջ: Ըստ  համաձայնութեան  530 զինեալներ եւ քաղաքացիներ դուրս պիտի գան իրենց շրջաններէն  ուղղուելով դէպի Թուրքիա եւ Դամասկոս: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ»ը: Աղբիւրը  նաեւ  կը տեղեկացնէ, որ ՄԱԿ-ի հսկողութեամբ 24  Սեպտեմբերին  կայացած զինադադարի  որոշումը պիտի իրականացուէր  այսօր  եւ որու իրագործումը պիտի շարոնակուի նաեւ յաջորդ շաբթուայ սկիզբի օրերուն, ուր ռէժիմի կողմէ պաշարուած Զապատանիէն 129 զինեալներ եւ քաղաքացիներ դուրս պիտի գան  լիբանանեան-սուրիական սահմանին վրայ գտնուող «Ալ Մասնահ» կէտէն, ուղղուելու համար  Թուրքիա:  Ըստ  նոյն  համաձայնութեան 400 քաղաքացիներ Պապ Ալ-հաուայի անցքի  միջոցաւ  դուրս  պիտի գան ընդդիմադիր ուժերու կողմէ պաշարուած Քաֆարայէն եւ Ֆուհայէն,ուղղուելու դէպի Դամասկոս:Աղբիւրը կը նշէ, որ ներկայիս Կարմիր Մահիկը կը սերտէ վիրաւորեալներու պարագաները, որոշելու համար, թէ ովքեր կրնան օդանաւ բարձրացնել: Պայմանագիրը կը նախատեսէր նաեւ զինադադարէն ետք նախ օգնութիւններու մատակարարումը եւ ապա քաղաքացիերու եւ վիրաւորներու Ֆուհային եւ Քաֆրայաէն դուրս գալու արտօնութիւնը, միւս կողմէն ապահով անցք ապահովել Զապատանիի եւ Իտլիպի շրջակայքը գտնուող կռուող խմբաւորումներու անդամներու, որմէ ետք պիտի շարունակուէր 6 ամսուան զինադադարը: