image

«Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի շարքերուն մէջ յեղաշրջո՞ւմ

«Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի շարքերուն մէջ յեղաշրջո՞ւմ

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Տումայի մէջ «Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի զինեալները բանակի դուրս գալու շուրջ համաձայնութիւններ իրականացուցած իրենց ղեկավարութեան դէմ դուրս եկած են եւ սպաննած են անոնց: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24»ը:

Նախարարութիւնը շաբաթ օր հրապարակած իր զեկոյցին մէջ ըսած է, որ «5 մարտէն ի վեր, «Ժայշ Ալ-իսլամ»ի ղեկավար Ապու Հումամի հետ ձեռքբերուած համաձայնութեան արդիւնքով, ռուսական հաշտութեան կեդրոնը պատերազմող կողմերու միջեւ հաշտեցման աշխատանք տարած էր եւ Տումայէն դէպի Հալէպի հիւսիսային շրջան տեղափոխած էր քաղաքային բնակչութեան անդամներ եւ զինեալներ», աւելցնելով, որ « զինեալներու եւ անոնց ընտանիքներու դուրսբերման գործողութիւնները սակայն դադարեցուած են»:

Զեկոյցի համաձայն, Ապու Հումամի մօտ մարդիկ տեղեկութիւններ փոխանցած են, որ ղեկավարներու եւ ծայրայեղ զինեալներու միջեւ սուր բախումներու պատճառով վերջիններս սպաննած են իրենց բանակցութիւններու կողմ գտնուած ղեկավարները՝ Ապու Հումամը, Ապու Ումարը եւ Ապու Ալին եւ խմբաւորման նոր ղեկավար նշանակուած է Ապու Քուսայը: