image
Հրատապ լուրեր:

Զէնքը միշտ ձեռին

Զէնքը  միշտ  ձեռին

Ցարդ  յստակ չեն  Ազրպէյճանի կողմէ   անցնող ապրիլ ամսուան սկիզբը     սկիզբ առած   զինուորական   գործողութիւններու    իրական պատճառները: Արցախեան  հարցը     այսօր դարձեալ   դարձած է  «խելացի» ու նուազ խելացի վերլուծաբաններուն   համար        քննարկման թեմա:   Աւելին՝  խորհուրդներ տալու եւ իրենց նախկին «փորձառութիւններ»ը վաճառելու    առիթ:   Շատեր կը խօսին  կարգաւորման գործընթացներու, բանակցութիւններու,   համաձայնութիւններու եւ ճնշումներու  մասին:  Աննախադէպ ազրպէյճանական    հարուածին դիմաց աննախադէպ եղաւ նաեւ հայկական  կողմին  հատու  պատասխանը:    Ոչ մէկ զիջում, ոչ մէկ ետքայլ եւ ոչ մէկ  ընկրկում:    Արցախի   մէջ գրանցուած  դէպքերը նաեւ կը յուշեն, որ   թուրքերուն    հետ    այս պատերազմը հարիւր  տարուան  շունչ  ունենալ կը պարտադրէ: Անշուշտ, թուրքերը տարբեր  տեսակներ  են  ու  արտաքին  ճակատի վրայ անոնց գոյութիւնը  աւելիով կ'ամրապնդէ  մեր ժողովուրդը ու կը  բոլորէ մէկ ու հիմնական   նպատակի շուրջ:  Այդ նպատակները  բարձրաձայն  պիտի  չըսուին ու աւելի   ճիշդ պիտի ըլլայ  բնաւ չխօսիլ հայրենասիրութեան  մասին կամ   ժամավաճառ չըլլալ   տեղի ունեցող թերութիւնները քննարկելով:  Մէկ   խորագիր  կայ, որն անշրջանցելի է:  Մէկ   սրբութիւն կայ, որ մեզ մօտ կը պահէ   յաղթանակէն:   Զէնն  ի ձեռին:  Ժամանակները ինչքան ալ փոխուին   այդ    հրամայականը   տեղի    պիտի չտայ: Ան, որ    կը պահէ  մեր  դիրքերուն ու սարերուն անառիկութիւնը,  ան է, որ յաղթանակ  պիտի տայ մեզի:   Ուրեմն    ճիշդ      խօսքը, այս եւ բոլոր ժամանակներուն համար ՝  զէնն ի ձեռին: