Ցարդ յստակ չեն Ազրպէյճանի կողմէ անցնող ապրիլ ամսուան սկիզբը սկիզբ առած զինուորական գործողութիւններու իրական պատճառները: Արցախեան հարցը այսօր դարձեալ դարձած է «խելացի» ու նուազ խելացի վերլուծաբաններուն համար քննարկման թեմա: Աւելին՝ խորհուրդներ տալու եւ իրենց նախկին «փորձառութիւններ»ը վաճառելու առիթ: Շատեր կը խօսին կարգաւորման գործընթացներու, բանակցութիւններու, համաձայնութիւններու եւ ճնշումներու մասին: Աննախադէպ ազրպէյճանական հարուածին դիմաց աննախադէպ եղաւ նաեւ հայկական կողմին հատու պատասխանը: Ոչ մէկ զիջում, ոչ մէկ ետքայլ եւ ոչ մէկ ընկրկում: Արցախի մէջ գրանցուած դէպքերը նաեւ կը յուշեն, որ թուրքերուն հետ այս պատերազմը հարիւր տարուան շունչ ունենալ կը պարտադրէ: Անշուշտ, թուրքերը տարբեր տեսակներ են ու արտաքին ճակատի վրայ անոնց գոյութիւնը աւելիով կ'ամրապնդէ մեր ժողովուրդը ու կը բոլորէ մէկ ու հիմնական նպատակի շուրջ: Այդ նպատակները բարձրաձայն պիտի չըսուին ու աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ բնաւ չխօսիլ հայրենասիրութեան մասին կամ ժամավաճառ չըլլալ տեղի ունեցող թերութիւնները քննարկելով: Մէկ խորագիր կայ, որն անշրջանցելի է: Մէկ սրբութիւն կայ, որ մեզ մօտ կը պահէ յաղթանակէն: Զէնն ի ձեռին: Ժամանակները ինչքան ալ փոխուին այդ հրամայականը տեղի պիտի չտայ: Ան, որ կը պահէ մեր դիրքերուն ու սարերուն անառիկութիւնը, ան է, որ յաղթանակ պիտի տայ մեզի: Ուրեմն ճիշդ խօսքը, այս եւ բոլոր ժամանակներուն համար ՝ զէնն ի ձեռին: