image

Ըստ Anonymous-ի Պէյրութի Մէջ Ահաբեկչական Պայթում Պիտի Ըլլայ

Ըստ Anonymous-ի    Պէյրութի Մէջ Ահաբեկչական   Պայթում  Պիտի Ըլլայ

Կայքահէններու Anonymous  ինքնակոչ     խումբը Twitter-եան իր հաշիւով    այսօր (Կիրակի)  տեղի ունենալիք ահաբեկչական պայթումներու մասին գրառում մը կատարած է: Ըստ  գրառման   ISIS ահաբեկչական  խմբաւորումը մտադրած  է յարձակումներ կատարել Պէյրութի, Միլանոյի,  Հռոմի, Ինտոնէզիոյ եւ Փարիզի մէջ:  Տրուած տեղեկութեան համաձայն,   Պէյրութի պայթումը  պիտի կատարուի  Ժունիյէ շրջանին մէջ գտնուող «Սուրբ Հոգի»  համալսարանին մէջ: Յարձակումները պիտի կատարուին  նոյն ժամուն:   Աւելի ուշ նոյն խմբակը,      այլ գրառում մը կատարելով,  զարմանք յայտնած է նախկին գրառման առընթեր,  նշելով, որ իրենք    պայթումներու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին: