image

«Խորհրդաւոր» պայթում մը ցնցած է Թեհրանը

«Խորհրդաւոր» պայթում մը ցնցած է  Թեհրանը

 Ժամեր առաջ  պայթում մը գրանցուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ։

 

 Այս մասին  տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Միհր» լրատուական գործակալութիւնը։

 

 

 Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ պայթումը եղած է Թեհրանի  արեւմտեան հատուածի «Ալ Քուտս» աւանին մօտակայքը։

 

 Մինչեւ այս պահը պաշտօնական աղբիւրներ  տեղեկութիւն չեն հաղորդած եղածին վերաբերեալ։