«The Monitor» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր Իսրայէլի հարցերով վերլուծաբան Պէն Քասպէթ պնդած է, թէ Իսրայէլ կանգնած է սուրիացի գիտնական, Գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն Ազիզ Իսպէրի սպանութեան ետին:
Յօդուածագիրը յայտնած է, որ վերջին շրջանին Մոսատ շարք մը նմանատիպ սպանութեան գործողութիւններ կը կազմակերպէ, նպատակ ունենալով մանաւանդ իր հակառակորդներուն՝ Սուրիոյ, «Հըզպալլա»ի, «Համաս»ի ռազմական կարողութիւններն սպառել:
Վերլուծաբանը զուգահեռներ ստեղծած է Իսպէրի սպանութեան ու 2008 թուականի փետրուարին Դամասկոսի մէջ սպաննուած «Հըզպալլա»ի ղեկավար Իմատ Մուղաննիէի եւ նոյն տարուայ օգոստոսին Թարթուսի մէջ սպաննուած սուրիացի զօրավար Մուհամմէտ Սուլէյմանի թիրախաւորման դէպքերուն միջեւ:
Վերլուծաբանը դիտել տուած է, որ Սուրիոյ համար Իսպէր Մուհամմէտ Սուլէյմանի իրաւայաջորդն էր, որ վերջինիս նման գաղտնի կերպով կը գործէր եւ անմիջական կապի մէջ էր «Հըզպալլա»ի եւ Իրանեան յեղափոխութեան պահակազօրի հրամանատարութեան հետ, եւ վերջիններուս համար բարձր ճշգրտութեան հրթիռներ կը մշակէր:
Անդրադառնալով վերոնշեալ ճշմարտութիւններուն, վերլուծաբանը համոզմունք յայտնած է, որ գիտնական Ազիզ Իսպէրի սպանութիւնը կազմակերպուած էր իսրայէլեան Մոսատի կողմէ, որ կը հանդիսանայ միակ շահագրգռուած կողմը գիտնականի մահուան ու չէզոքացման մէջ: