image

Ըստ «Ալ Հայաթ»ին Ուաշինկթըն Ձախողած Է Ասատին Դէմ «Յեղաշրջում» Իրականացնել

Ըստ «Ալ Հայաթ»ին Ուաշինկթըն Ձախողած Է Ասատին Դէմ «Յեղաշրջում» Իրականացնել

Ուաշինկթըն- («Ալ-Հայաթ»-Լոնտոն)- Ամերիկեան հաղորդագրութիւն մը երէկ բացայայտած է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը Սուրիոյ ճգնաժամի  առաջին օրերուն գաղտնի կապեր հաստատած  է ալէվի սպաներու հետ, ռէժիմի կառոյցի մէջ  առկայ  «ճեղքերու»  օգտագործել ռազմական յեղաշրջում կազմակերպելու նպատակով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ»ը, որ կը նշէ,թէ Օպամայի վարչակազմի կողմէ բազմիցս իրականացուած ջանքերը ձախողութեամբ պսակուած են սուրիական ռէժիմի համախմբուած ըլլալուն շնորհիւ: Ամերիկեան  վարչակազմը այնուհետեւ տարիներու ընթացին սկսած էր կապեր հաստատել սուրիական ռէժիմի տարրերու հետ, նպատակ ունենալով նուազեցնել բռնութեան մակարդակը եւ Ասատին համոզել հրաժարիլ իշխանութենէն:Թերթը կը գրէ, որ Սուրիոյ հետ Օպամայի հաստատած գաղտնի կապերը մնացած են սահմանափակ եւ չեն կրցած արդիւնքներ արձանագրել, ի տարբերութիւն Իրանի հետ անոր իրականացուցած նման ջանքերուն:Թերթը կը յայտնէ, որ վերջին ժամանակաշրջանին Օպամայի վարչակազմը արդէն սկսած է դիմել աւելի դիւանագիտական միջոցներու սուրիական կառավարութիւնը բանակցութիւններու սեղան բերելու նպատակով, եւ դիւանագիտական ջանքերու ծիրէն ներս էր, որ նախորդ գարնան Սպիտակ Տան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ Սթիվ Սայմընը  այցելած էր Դամասկոս եւ հանդիպած Ասատի հետ: