Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»ը մեկնաբանած է նախօրէին Պոլսոյ նահանգապետարանէն ներս Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու շուրջ կայացած հանդիպումը, որուն մասնակցած էին Պոսլոյ նահանգապետ Վասիփ Շահինը, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեանը, Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի ղեկավար Պետրոս Շիրինօղլուն, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպմամբ զբաղուող նախաձեռնարկ յանձնախումբի նախագահ Սարգիս Քիւլեկէչը եւ Պոլսոյ պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ արք. Աթէշյեանը:
«Ակօս»ը հանդիպումը անուանած է տարօրինակ եւ ուշադրութիւն հրաւիրած այն փաստի վրայ, որ այն տեղի ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին Պէքճեանի՝ Գերմանիա գտնուելու ընթացքին:
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ նահանգապետը հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ կը հետեւի գործընթացին եւ կը հետաքրքրուի զարգացող իրադարձութիւններով, վերջինս նաեւ խնդրած է փոխանցել հայ համայնքի անդամներուն, որ ընտրութիւններու կազմակերպման հետ կապուած անհանգստանալու կարիք չկայ:
«Ակօս»ը կը յիշեցնէ, որ այս հանդիպումը կազմակերպուած է այն բանէն ետք, երբ մամուլի մէջ լուրեր տարածուեցան, թէ պետութիւնը չուզեր Պէքճեանին տեսնել ապագայ պատրիարքի պաշտօնին:
Պարբերականը վրդովեցուցիչ կը համարէ այն հանգամանքը, որ պետութիւնը կը շարունակէ միջամտել իրենց ներհամայնական կեանքին, ու կը շեշտէ, որ Պէքճեանի ընտրութիւնը չի հակասեր օրէնքին, քանի որ վերջինս թէեւ Թուրքիա չապրիր, սակայն ծնած է այնտեղ: Աւելին՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք դառնալու համար բաւական է միայն այն, որ հոգեւորականի ծնողները կամ միայն հայրը ծնած ըլլայ Թուրքիոյ կամ Օսմանեան կայսրութեան մէջ: