Այսօր ի ներկայութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանի Մայր Տաճարին մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Արցախի Հանրապետութեան նախագահութեան էջին կողմէ։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Սուրբ Պատարագի արարողութիւն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Արցախի նախկին նախագահներ՝ Բակօ Սահակեան, Արկադի Ղուկասեան եւ գործող նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ օրերս Արցախ այցելող ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մարմնի ներկայացուցիչ՝ Վազգէն Եագուպեան։