image

Թուրքիոյ մէջ ձիւն տեղացած է

Թուրքիոյ մէջ ձիւն տեղացած է

 

Հինգշաբթի՝ 3 յունիսին, ձիւն տեղացած է թրքական շարք մը նահանգներու մէջ, որոնք կը գտնուին Սեւ ծովու ափին մերձ, տարածաշրջանին մէջ, ընդհանուր առմամբ, յորդառատ անձրեւներ կը տեղան:


«Դեռ երէկ հիանալի եղանակ էր: Առաւօտեան արթնցանք, եւ ամէն տեղ ձիւն էր: Սա ձմեռ չէ, այլ ամառ, յունիսն է»,- «ՌԻԱ Նովոստի»-ի փոխանցմամբ՝ տեղի բնակիչներէն մէկուն խօսքը մէջբերած է թրքական հեռուստաալիքը:

Նշուած է, որ ձիւնի տեսքով տեղումներ հինգշաբթի գիշեր գրանցուած են շարք մը բարձրլեռնային գիւղերու մէջ, Արդահան, Ռիզէ եւ Բոլու նահանգներուն մէջ: