Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր պիտի ընտրէ նոր վարչապետ: Վերջին օրերուն երկրին մէջ ընթացող լայնածաւալ բողոքի գործողութիւններէն ետք Ազգային Ժողովը նշանակած էր արտակարգ նիստ, որ ընթացք առաւ քիչ առաջ:
Ժամը 12:00-ին ընթացք առած վարչապետի ընտրութեան արտակարգ նիստին բացումը կատարեց Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանը:
Պապլոյեան նշեց, որ ժողովը պիտի ընթանայ յարգելով սահմանադրական կարգը եւ խօսքը փոխանցեց «ԵԼՔ» խմբակցութեան անդամ Արարատ Միրզոյեանին:
Միրզոյեան, որ կարճ ելոյթ մ'ունեցաւ առաջադրեց Նիկոլ Փաշինեանի անունը, որպէս ՀՀ նոր վարչապետի թեկնածու: Ան մասնաւորապէս ըսաւ ՝
«Պատիւ ունեմ ներկայացնել Հայաստանի ժողովրդային թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածուութիւնը ՀՀ Վարչապետի պաշտօնին»:
Միրզոյեանի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ «ԵԼՔ» խմբակցութեան անդամ եւ ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան: