image

Յայտնաբերուած է Ալ Նուսրա ճակատի ահաբեկչական թաքստոցը, (Տեսանիւթ)

Յայտնաբերուած է Ալ Նուսրա ճակատի ահաբեկչական թաքստոցը, (Տեսանիւթ)

«Հըզպալլա» կուսակցութեան հսկողութենէն ետք, «Ալ Ժատիտ» կայանի ռազմական լրագրողները, մտած են «Ժապհէթ Ալ Նուսրա» խմբաւորումի Արսէլ քաղաքի ամենակարեւոր եւ մեծ  թաքստոցներէն  մին:

Ըստ լրագրողներուն, այս վայրին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումը չարչարանքի ենթարկած է   լիբանանեան   բանաի  գերի  ինկած զինւորները:

Լրագրողներուն նկարած տեսանիւթերուն մէջ, երեւան եկած  են  փոքր սենեակներ, որոնց մէջ կային փոքր անկողիններ, որոնք կապուած էին երկաթեայ շղթաներու. ամենայն հաւանականութեամբ կը գործածուէին չարչարանքի համար:

Նշենք որ նոյնպէս կային սենեակներ, որոնց մէջ  յայտնաբերուած է   զէնք եւ զինամթերք: