«Իրավիճակը վերահսկողութեան տակ է եւ Գաւառի մէջ մեծ թիւով իրաւապահ մարմնի ներկայացուցիչներ հսկողութիւն կ՚իրականացնեն». այս մասին «Հայկական Ժամանակ» թերթին յայտնած է Գեղարքունքի մարզպետ ՝ Գնէլ Սանոսեան։
Սանոսեան նաեւ նշած է, որ հիւանդանոցին վրայ յարձակում գործածներուն թիւը կը գնահատուի 500 ով։
Ան նաեւ ըսած է, որ յարձակողները ջարդ ու փշուր ըրած են հիւանդանոցը, որուն հետեւանքով ալ շատ հաւանական է, որ ոստիկանութեան շարքերէն վիրաւորներ գրանցուած ըլլան։