«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Պէյրութահայ հասարակական գործիչ Տօքթ. Վիգէն Ասիլեանը
-9 տարուան դադարէ ետք ինչպէ՞ս կը գնահատէք Լիբանանի մէջ կիրակի օր կայացած ընտրութիւնները:
Իբրեւ գնահատանք, անկասկած ժողովրդավարութիւնը յաղթեց, նկատի առնելով Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ տիրող վիճակը, Լիբանանի պետութիւնը եւ լիբանանցի ժողովուրդը փաստեց, որ կը հաւատայ ժողովրդավարութեան, կը հաւատայ ազատ, արդար ընտրութիւններուն: Իսկ գալով կիրակի օրուան ընտրութիւններուն, ըստ ներքին գործոց նախարարութան տուած տուեալներուն ժողովուրդի մասնակցութեան տոկոսը եղած է շատ նուազ, փաստօրէն լիբանանցի ժողովուրդը իր դժգոհութիւնը արտայայտեց՝ չմասնակեցլով երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
-Ի՞նչ կրնաք ըսել լիբանանահայութեան մասին, արդեօք խանդավառութեամբ մասնակցեցա՞ւ այս ընտրութիւններուն:
Լիբանանահայութիւնը սովորականին պէս մասնակցեցաւ խանդավառութեամբ եւ կազմակերպուած, իբրեւ տիպար քաղաքացի, կատարելով իր քաղաքացիական պարտականութիւնը: Յատկանշական երեւոյթ էր որ ունեցանք կուսակցական թեկնածուներ եւ անհատական թեկնածուներ, որ առողջ երեւոյթ մըն էր այս ընտրութիւններուն մէջ:
-Աւանդական երկու կուսակցութիւններ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը (Ս.Դ.Հ.Կ.) այս ընտրութիւններու ադիւնքով դուրս մնացին խորհրդարանէն, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք եղածը, տրուած ըլլալով որ շուրջ 20 տարիէ ի վեր ՀՅԴ-ի կողքն այս երկու ուժերն ալ ներկայացուած էին խորհրդարանին մէջ:
Իմ կարծիքով ընտրութեանց արդիւնքները «պատգամ» են ուղղուած ի մասնաւորի երկու կուսակցութիւններուն:Ամէն պարագայի ես յոյսով եմ որ եկող օրերուն ղեկավարութիւնը կը սորվի ներկայի եւ անցեալի սխալներէն:
-Ձեր տեսակէտով, ինչպիսի՞ քաղաքական օրակարգ եւ ընդհանուր տեսանկար մը պիտի կազմուի 6 մայիս 2018-ին ընտրուած խորհրդարանին մէջ:
Ընդհանուր քաղաքական օրակարգերը պիտի մնան անփոփոխ, քանի նոյն քաղաքական ուժերը եւ նոյն դէմքերը նոյն ձեւով ներկայացան խորհրդարանին մէջ: