Իրանեան յեղափոխական պահակազօրի գլխաւոր հրամանատար Մուհամմէտ Ալի Ճաաֆարի յայտնած է, որ Եմէն յաղթանակի սեմին է, նկատել տալով, որ եմէնեան ուժերը Ալ Հտէյտա նաւահանգիստի պատերազմին պարտութեան մատնեցին արաբա-արեւմտեան դաշինքը:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Թեհրանի համալսարանին մէջ ելոյթ ունեցած Ճաաֆարի շեշտած է, որ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ իրաքի մէջ գրանցուած յաղթանակներուն պատճառը այդ երկիրներու ժողովուրդներուն Իրանեան իսլամական յեղափոխութեան օրինակին հետեւիլն է, նշելով, որ անցնող 40 տարիներու ընթացքին շարք մը ձեռքբերումներ գրանցուած են, որոնցմէ է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած իսլամական զարթօնքը: