image

«Մենք պատրաստ ենք հակահարուած տալ» Իրանցի զօրահրամանատար

«Մենք պատրաստ ենք հակահարուած տալ» Իրանցի զօրահրամանատար

Իրանի Զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար՝ Մոհամմետ Հուսէյն Պաքրին զօրավարժութիւններու ժամանակ, պալիսթիք հրթիռներու արձակումը անուանած է իմաստալից ընտրութիւն՝ զգուշացնելով թշնամիները, որ իւրաքանչիւր սպառնալիք Իրանի ազգային շահերուն, կոշտ արձագանքի կ'արժանանայ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Թանսիմ» գործակալութիւնը, իրանցի բարձրաստիճան հրամանատարը այդպիսով անդրադարձած է Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի» օդուժի լայնամաշտապ զօրավարժութիւններու ժամանակ, աւելի քան 1800 քմ հեռաւորութեամբ թիրախներուն բարեյաջող կերպով խոցած պալիսթիք հրթիռներուն:

«Հեռահար հրթիռներու գործարկումը ռազմածովային թիրախներու դէմ ցոյց կու տայ, որ եթէ Իսլամական Հանրապետութեան թշնամիները վատ մտադրութիւններ ունենան մեր ազգային շահերու, ծովային առեւտրային ուղիներու եւ տարածքներու նկատմամբ, ուրեմն հրթիռային հարուածի տակ կը յայտնուին եւ կը կործանուին»,- ըսած է իրանցի զօրավարը: