Հիւսիսային Քորէան երկուշաբթ Ճափոնի ուղղութեամբ նոր հրթիռային մեկնարկ իրականացուցած է: Այս մասին կը հաղորդէ Հիւսիսային Քորէայի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութինը:
Տեղի ունեցածը մեծ տագնապ առաջացուցած է, կը գրէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, նշելով, որ այդ հրթիռները հաւանական է, որ նոր տեսակի միջմայրցամաքային հրթիռներ ըլլան, որոնք հերթական սպառնալիք են Հիւսիսային Քորէայի կողմէ:
Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէն իր անհանգստութիւնն ու վրդովմունքը յայտնած է տեղի ունեցածի կապակցութեամբ եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ պահանջած է:
«Մենք կը շարունակենք այժմ պատահածի հետ կապուած նոր տեղեկութիւններ հաւաքել՝ սերտ համագործակցելով ԱՄՆ Փենթակոնի եւ իհարկէ Հարաւային Քորէայի հետ, իսկ ինչ կը վերաբերի Հիւսիսային Քորէային, կոչ կ'ընենք վերջինիս զսպուածութիւն դրսեւորել», - աւելացուցած է Ապէն: