«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ ամբողջ պատերազմի ընթացքին Հալէպը չլքած հալէպցի առեւտրական Յակոբ Մելիքսէթեանը։
-Մեր ընթերցողները պիտի ուզէին հակիրճ տողերու մէջ ծանօթանալ ձեր մասին։ Ո՞վ է Յակոբ Մելիքսէթեանը։
Ծնած եմ Հալէպ, կանուխ տարիքէս նետուած եմ կեանքի ասպարէզ եւ զբաղուած եշ առեւտուրով։ Հալէպի հինաւուրց շուկաներէն «Թիլէլ»ի մէջ կը զբաղուիմ Թէքսթիլի եւ կարի մեքենաներու առեւտուրով:
-Հալէպի հին շուկայ «Թիլէլ»ը շատ նշանաւոր էր իր հին, հայ յայտնի վարպետներով եւ վաճառականներով, հիմա ինչպիսի՞ վիճակ է «Թիլէլ»ի մէջ:
Իրաւացի էք, Հալէպի հին շուկաներէն՝ «Թիլէլ»ը քաղաքի ամենակարեւոր շուկաներէն մէկն էր: Մեր սերունդին նախորդող սերունդի ներկայացուցիչներ կը պատմեն, որ «Թիլէլ»ի վաճառատուներուն 75-80 տոկոսը պատկանած է հայ եւ քրիստոնեայ վարպետներուն։ Անոնք, որոնք նշանտուքի, պսակի, կնքուող փոքրիկներու համար նուէրներ կ'ուզէին գնել, լաւագոյնս՝ իբր որակ եւ արժէք, անխուսափելիօրէն կրնային գտնել «Թիլէլ»ի մէջ, որ Հալէպ քաղաքի ճիշդ կեդրոնը կը գտնուի, ուր նոյնպէս կը գտնուի նշանաւոր հայկական հոգետունը, որ ժամանակին դէպի Երուսաղէմ ճամբորդող քրիստոնեայ «հաճճիներուն» (ուխտաւորներուն) համար ծառայած է իբր իջեւանարան: Այնտեղ են քրիստոնէական զանազան թեմերու առաջնորդարանները, դպրոցերը, ակումբները եւ սրահները: Մէկ խօսքով «Թիլէլը» քաղաքի հին կեդրոնին մէջ փափախող հայկական սիրտ մըն էր:
Սակայն հիմա պատկերն ուրիշ է, հայ վարպետներուն փոխարինած են արաբ վաճառականներ եւ այժմ հայերու ներկայութիւնը՝ իբր առեւտրական կեդրոնի մաս, չի գերազանցեր 2-3 առ հարիւրը, որովհետեւ տարիներու ընթացքին պարբերաբար գաղթի հոսքեր եղած են եւ տակաւին կ'ըլլան՝ Հալէպէն դէպի աշխարհի զանզազան կողմեր:
-Պատերազմի ամբողջ ընթացքին դուք Հալէպ մնացի՞ք:
Այո, ես նախընտրեցի Հալէպ մնալ եւ դիմակայել բոլոր ապահովական եւ կենցաղային զրկանքներն ու դժուարութիւնները: Այդ դժուարութիւններէն ամենածանրը եւ խոր հետք ձգողը եղաւ քրոջս ամուսնուն առեւանգման դէպքը: Ահաբեկիչները զինք «Ռամուսէ»ի իր խանութէն առեւանգեցին եւ տարին դէպի Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող «Սքքարի» թաղամասը, որ այդ ժամանակ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խումբերու գլխաւոր կեդրոններէն մէկն էր: Ահաբեկիչները օրեր անց սկսան բջիջային հեռախօսի միջոցաւ կապ հաստատել հետս եւ որպէս փրկագին՝ սկզբնական 25 միլիոն սուրիական ոսկի պահանջել, որ Սուրիոյ համար շատ մեծ գումար է: Անոնց հետ այդ տհաճ բանակցային կապը երկու օր շարունակուեցաւ եւ վերջը 1,5 միլիոն սուրիականի դիմաց քեռայրս ազատ արձակուեցաւ եւ վերադարձաւ տուն:
Այդ երկու երկար օրերը շատ ծանր ազդեցութիւն ձգեցին հոգեկանիս եւ ներաշխարհիս վրայ, որմէ նոր կամաց-կամաց սկսած եմ դուրս գալ:
-Ի՞նչ կը մտածէք Սուրիոյ ապագային մասին:
Մեր յոյսը Սուրիոյ նկատմամբ շատ մեծ է եւ մենք գիտենք եւ համոզուած ենք, որ երկիրը շուտով պիտի վերականգնուի եւ մեծ թիւով գաղթականներ ետ պիտի վերադառնան իրենց գիւղերը եւ տուները, անկասկած որ երկիրը նաեւ տնտեսական մեծ աճ եւ վերելք պիտի արձանագրէ, որովհետեւ պատմութիւնը փաստած է, որ բոլոր մեծ պատերազմներէն վերջ տուեալ երկիրները տնտեսական բարձր ցուցանիշներ եւ աճ կ'արձանագրեն: