image
Հրատապ լուրեր:

«Վրէժը պէտք է լուծել հանդարտ պայմաններու տակ» Իրանի յայտարարութիւնը

«Վրէժը պէտք է լուծել հանդարտ պայմաններու տակ» Իրանի յայտարարութիւնը

Իրանը չի շտապեր զօրավար Քասէմ Սուլեյմանիի սպանութեան պատասխանելուն: Իրանի Զինուած ուժերու պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Ապուլֆատլ Շեքարչին յայտարարած է, որ վրէժը դաժան պիտի ըլլայ, բայց Իրանը մտադիր է խուսափիլ հապշտապ գործողութիւններէ, կը տեղեկացնէ Mehr-ը:

Անոր խօսքով՝ Իսլամական Հանրապետութիւնն իրաւունք ունի արձագանգելու զօրավար Սուլեյմանիի սպանութեան եւ անպայման պիտի արձագանգէ: «[Իրան-ԱՄՆ] պատերազմի կամ որեւէ առճակատման պարագային ամերիկացիներուն լուրջ վնաս պիտի հասնի, եւ եթէ անոնք որոշեն որեւէ խելայեղութեան դիմել, Իրանի արձագանգը աւելի դաժան պիտի ըլլայ»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ «ամերիկացիները կատարած են անշրջելի քայլ»: