image

Իսրայէլի արարքները դատապարտելի են. Եգիպտոսի Հայ Դատի մարմնի յայտարարութիւնը

Իսրայէլի արարքները  դատապարտելի են. Եգիպտոսի  Հայ Դատի  մարմնի  յայտարարութիւնը

 Կազայի   շուրջ  ընթացող  զարգացումներուն առընթեր   Եգիպտոսի Հայ  Դատի  մարմինը  հրապարակած է  հաղորդագրութիւն մը,  որ թարգմանաբար  կը ներկայացնենք ստորեւ.

 

 

  Երբ քաղաքակիրթ աշխարհը լուռ ականատեսը կ'ըլլայ պատերազմական ոճրագործութիւններուն ... կը կրկնուին նոյն յանցագործութիւններն ու ողբերգութիւնները այլ ժողովուրդներու   պարագային ալ։

 Այս օրերուն Իսրայէլ սպիտակ ֆոսֆորով կը թիրախաւորէ    մասնաւորապէս Կազայի    պաղեստինցի   բնակչութիւնը,    գործելով  անմարդկային  սպանդներ  եւ      քաղաքը  վերածելով  աւերակի կոյտի։

  Յիշեցնենք,  որ  նոյն  զինամթերքը օգտագործուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ հայերը թիրախաւորելու համար, Արցախի պատերազմի ժամանակ, 2020-ին:

Զանգուածային ոչնչացման զէնքի օգտագործումը շրջակայ միջավայրի եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ, եւ անոր կիրառումը նման պայմաններու մէջ կը դասուի միջազգային իրաւունքի յստակ  խախտում եւ   բոլոր առումներով  դատապարտելի է։