Ռուս քաղաքական վերլուծաբան անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ ռուսական պաշտօնական արձագանգներուն՝ ըսած է, որ ռուսական բոլոր անդրադարձներու մէջ կարմիր թելով կ'անցնէր այն դիրքորոշումը, որ Ռուսիան չի միջամտեր Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրները:
Ըստ քաղաքագէտի, այդ թեմաները այնքան քննարկուած են Ռուսիոյ գործընկեր երկիրներու մէջ, որ Ռուսիան հրապարակային կը ցուցադրէ, որ չի միջամտեր ու կ'աշխատի ցանկացած ուժի հետ, որուն որ կ'ընտրէ հայ ժողովուրդը:
«Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Հայաստանի էջ իրականացուող բոլոր ցոյցերու ընթացքին կը նկատուէր դժգոհութիւն Ռուսիոյ նկատմամբ, Ռուսիոյ կը մեղադրէին Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու, հայ ժողովուրդին չյարգելու համար:
Ռուսիան հրապարակային ցոյց կու տայ, որ կը յարգէ հայ ժողովուրդի որոշումը եւ մեծ հաճոյքով կ'աշխատի ցանկացածի հետ»,- ըսած է Լուկիանովը:
Ռուսական կողմի ակնյայտ անհանգստութեան բացակայութիւնը ռուս քաղաքագէտը բացատրեց՝ Ռուսիան վստահ է, որ Հայաստանը «փախելու տեղ չունի», իսկ Ռուսիոյ միայն հետաքրքիր են հայ-ռուսական սերտ յարաբերութիւնները, անոնց պահպանումը, իսկ թէ ով այդ կ'իրականացնէ՝ այնքան ալ էական չէ:
«Ով ալ որ գայ իշխանութեան, Ռուսիոյ հետ պէտք է աշխատի, փախելու տեղ չունի: Հայաստանը կը գտնուի թշնամական հարեւանութեան մէջ, եւ միակ անվտանգութեան երաշխաւորը Ռուսիան է, որ իր վրայ մեծ պարտաւորութիւններ ստանձնած է: Որեւէ գերտերութիւն Հայաստանի համար նման մեծ քայլեր չ'ըներ: Սա է Ռուսիոյ հանգստութեան բանալին»,- ըսած է Լուկիանովը: Ան նկատած է, որ ՌԴ իշխանութիւնները արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունեցած են Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան հետ, գոհ են այդ համագործակցութենէն:
«Բայց այդ իշխանութիւնը, փաստօրէն, հայ ժողովուրդի սրտով չէր, ուստի Ռուսասիան պէտք է անոր հետ հաշուի նստի, որ եւ կ'ընէ»,- ըսած է ան:
Ռուս քաղաքագէտը կը կարծէ, որ Հայաստանի մէջ ներքաղաքական փոփոխութիւններէն ետք հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը պահպանեն ներկայի աշխուժութիւնը, քանի որ Հայաստանի համար Ռուսիոյ փոխարինող գործընկեր չկայ:
Նիւթը ՝ «168 ժամ» կայքէն