Քիեւի մէջ, կիրակի օր, ռազմական փոքր ուղղաթիռը վթարի ենթարկուած է, ինչի հետեւանքով զոհուած է անձնակազմի երկու անդամները եւ 3 ուղեւորներ: Այս մասին «Ռոյթըրզ»ի տեղեկացմամբ, յայտարարած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ ուղղաթիռը եղած է սովետական « mi -2 » տիպի. Վթարը պատահած է Քրամաթորսքի՝ Ուքրանական կառավարութեան ուժերու կեդրոնին մօտ:
Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ մեծ հաւանականութեամբ ուղղաթիռը բախած է ելեկտրական սիւնի: