image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ մէջ ռազմական ուղղաթիռ կործանուած է. Կայ 5 զոհ

Ուքրանիոյ մէջ ռազմական ուղղաթիռ կործանուած է. Կայ 5 զոհ

Քիեւի մէջ, կիրակի օր, ռազմական փոքր ուղղաթիռը վթարի ենթարկուած է, ինչի հետեւանքով զոհուած է անձնակազմի  երկու անդամները եւ 3 ուղեւորներ: Այս մասին «Ռոյթըրզ»ի տեղեկացմամբ, յայտարարած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

 

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ ուղղաթիռը եղած է սովետական « mi -2 » տիպի. Վթարը պատահած է Քրամաթորսքի՝ Ուքրանական կառավարութեան  ուժերու կեդրոնին մօտ:

 

Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ մեծ հաւանականութեամբ ուղղաթիռը բախած է ելեկտրական սիւնի: