image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞ր արաբական երկիրը կը գործակցի Իսրայէլի հետ. «Հըզպալլա»ի բացայայտումը

Ո՞ր արաբական երկիրը կը գործակցի Իսրայէլի հետ. «Հըզպալլա»ի բացայայտումը

«Հըզպալլա»ի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Նապիլ Քաուուք յայտարարած է, թէ Սէուտական Արաբիա կանգնած է «Հըզպալլա»ի կառավարութիւն մուտք չգործելու ետին, սակայն օրերը ցոյց պիտի տան, որ սէուտական համակարգի կամքը շատ աւելի թոյլ է, քան «Հըզպալլա»ն կառավարութեան մաս կազմելէ արգիլելու անոր ունակութիւնը, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Քաուուք պնդած է, որ «Հըզպալլա» ուժեղ եւ ազդեցիկ նախարարներով մաս պիտի կազմէ կառավարութեան, շեշտելով, որ Լիբանան այն յարմար դաշտը չէ, ուր Սէուտական Արաբիա կրնայ իր շահերը հետապնդել «Հըզպալլա»ի հաշուին:

Քաուուք դիտել տուած է նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ համագործակցութիւնն Իսրայէլի հետ վտանգաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Պաղեստինի համար, կոչ ուղղելով քաղաքական ու ռազմական ուժերն ի մի բերելով ընդդիմանալ վերջիններուս դէմ: