Ողբերգական դէպք մը գրանցուած է Հալէպի մէջ։
Ըստ «Շապաքաթ ախպար Հալապ» էջին հինգ յարկանի շէնք մը փուլ եկած է Հալէպի «Սալահ ալ տին» շրջանին մէջ։
Նախնական տուեալներով փլուզման հետեւանքով զոհուած են 13 անձեր եւ կան քսանէ աւելի վիրաւորեալներ։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ զոհերու թիւը կրնայ աճ արձանագրել, տրուած ըլլալով, որ փլատակներուն տակ կան օգնութեան սպասող բնակիչներ։
Յիշեցնենք, որ Հալէպի այդ հատուածին մէջ ծանր մարտեր մղուած են մէկ կողմէ «Տահէշ»ի ահաբեկիչներուն եւ միւս կողմէ Սուրիոյ բանակին միջեւ եւ կանգուն մնացած շէնքերուն մեծ մասը կը համարուին վթարային շէնքեր։
«Արեւելք» այսօր կապ հաստատեց Հալէպի իր աղբիւրին հետ, որուն համաձայն փլատակներուն տակ մնացած զոհերուն մէջ հայեր չեն եղած եւ այդ շրջանը կը համարուի ոչ հայաբնակ շրջան մը։


