«Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմը անկասկած որ նոյնպէս ցնցում առաջացուց Սփիւռքի մէջ», «Արեւելք»ին ըսաւ հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան: Քուէյթ հաստատուած Գույումճեան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ եղած պատերազմը անակնկալ չէր եւ սպասելի էր: «Մենք սփիւռքի մէջ լաւ գիտենք, որ Արցախը միշտ ենթակայ է պատերազմի եւ տեղի ունեցած զարգացումները մեզի համար անակնկալ չէին. խնդիրը հիմա յայտարարուած հրադադարն է, իմ համեստ կարծիքովս եղած զինադադարը անհասկնալի է, որովհետեւ այս ներկայ՝ «ո'չ պատերազմ, ո'չ խաղաղութիւն» իրավիճակը նպաստաւոր չէ Հայաստանի համար, նոյնիսկ շատ վնասակար է այս վիճակը ե՛ւ Հայաստանին ե՛ւ Արցախին համար: Ճիշդ պիտի ըլլար եթէ այս խնդիրը վերջնականապէս լուծուէր. խնդրի լուծման համար հաւանաբար պէտք պիտի ըլլան զիջումներ, եւ հայկական կողմը պատրաստ պէտք է ըլլայ այդ զիջումնային քաղաքականութեան»: Կիրակոս Գույումճեանի կարծիքով այս օրերուն շատ են այն կողմերը, որոնք բարձր ոճով կը յայտարարեն, որ հայութիւնը պատրաստ չէ ոչ մէկ զիջում կատարելու արցախեան հարցի կապակցութեամբ, նկատել տալով որ ինք անձնապէս դէմ է այդ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններուն: Կիրակոս Գույումճեան նաեւ ըսաւ. «Եթէ արցախեան հարցը քաղաքական փոխզիջումներու սկզբունքով լուծուի, ապա մօտիկ ապագային հայութիւնը իր ճիգով եւ աշխատանքով պիտի կարենայ ինքզինք վերագտնել եւ ձեւով մը հատուցել այն բոլոր վնասները, որոնք տեղի կրնան ունենալ, մէջտեղ բերելու համար քաղաքական համաձայնութիւններու վրայ հիմնուած արցախեան հիմնահարցի լուծումը:
Կիրակոս Գույումճեանի կարծիքով, եթէ Արցախի մէջ պատերազմ ըլլայ, նոյնիսկ այդ պատերազմի աւարտին, կողմերը զիջումներու պիտի երթան, որովհետեւ «ցանկացած պատերազմի պարագային ոչ մէկ կողմ կրնայ ամբողջական յաջողութեան կամ յաղթանակի հասնիլ»:
Ըստ մեր խօսակիցին, «տարածքաշրջանին մէջ եղած դէպքերը ցոյց տուին, որ զիջումներու չերթալը կրնայ աւերաբեր ըլլալ ցանկացած երկրի կամ ժողովուրդի համար, ես այս մօտեցումը ունիմ, որովհետեւ աչքիս առջեւ է Սուրիոյ եւ տարբեր երկիրներու մէջ կատարուածը, ուր անզիջողութեան հետեւանքով երկիրներ տապալուեցան եւ մեծ քաղաքներ աւերակ դարձան»:
Պատասխանելով մեր հարցին, թէ արդեօ՞ք Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը պատրաստ էին պատերազմին, Կիրակոս Գույումճեան պատասխանեց. «Դժբախտաբար՝ ոչ, իմ կարծիքովս մեր երկիրը պատերազմի պատրաստ չէր, եւ անցնող օրերուն մեզի հասած տեղեկութիւններուն հիման վրայ կրնամ ըսել, որ մեր իշխանութիւնները լաւ պատրաստուած չէին այս պատերազմին: Պատկերացուցէք որ առաջին օրերէն սկսեալ տարբեր մակարդակներու վրայ՝ դեղօրայքի, դրամական եւ այլ տիպի օժանդակութիւններ պահանջուեցան Արցախի համար, այս բոլորը հասկնալի է, բայց միաժամանակ ինձ համար մեծ մտահոգութիւն կ'առթեն, որովհետեւ օժանդակութիւն պահանջելու երեւոյթը իրօք տխրեցնող է. կը զարմանամ, ո՛ւր էին մեր իշխանութիւնները այսքան ժամանակ, եւ հարց կ'ուղղեմ՝ ինչո՞ւ պատրաստ չէին: Ճի՛շդ է, որ սփիւռքը միշտ զօրավիգ է Հայաստանին եւ Արցախին, բայց եւ այնպէս Հայաստանի իշխանութիւններն ու պետութիւնը ինչու պատրաստ չէին եւ նոյնիսկ պատերազմէն երեք օրեր ետք մենք տարբեր ամպիոններէ օժանդակութիւն խնդրելու մասին տեղեկութիւններ ստացանք. արդեօք Հայաստանը եւ Արցախը կամք եւ բաւարար ուժը պիտի չունենային դիմադրելու թշնամիին ոտնձգութիւններուն», ըսաւ Կիրակոս Գույումճեան: Ան նշեց, որ անցնող օրերու ղարաբաղեան զարգացումներուն մէջ ամէնէն ոգեպնդիչը հայ կամաւորներուն ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն էր, եւ անոնց ամէն ինչ մէկդի թողելով ճակատ երթալու պատրաստակամութիւնը եւ ոգին: «Ես զինուորական հարցերու մասնագէտ մը չեմ, սակայն իմ տեսած տեսանիւթերուն ընդմէջէն կարելի է հաստատել, որ հայկական դիրքերը եւ խրամատները կը գտնուին նախնական իրավիճակի մը մէջ եւ այս մէկը անընդունելի է, անընդունելի է որ հայ զինուորը քնապարկ չունենայ, անընդունելի է որ հայ զինուորը արդիական զէնք չունենայ, անընդունելի է որ հայ զինուորը համապատասխան մթնոլորտի մէջ արդիական բոլոր միջոցները չունենայ պաշտպանելու համար արցախեան սահմանային բոլոր գօտիները: Այս բոլոր տեսարանները, որոնց մենք ականատես եղանք, ցոյց կու տան, որ վերջին տարիներուն երկար շունչի վրայ կարեւոր եւ համապատասխան պատրաստութիւն չենք տեսած, եւ այս մէկը մեզի համար բաւական խոր եւ լուրջ մտահոգութիւն է»: Կիրակոս Գույումճեանի կարծիքով, եթէ եղած բացթողումներուն մասին լսելի դարձած տեղեկութիւնները ճիշդ են, ապա իրապէս ամօթ է ամբողջ հայ ազգին համար, որ այսքան տարիներէ ի վեր պատրաստ ըլլալով հանդերձ Ազրպէյճանի հետ պատերազմի, պէտք եղած պատրաստութիւնները չէ տեսած եւ կը գտնուի բաւական մտահոգիչ պայմաններու մէջ:
Մեր խօսակիցին կարծիքով, այս իրավիճակէն դուրս գալու գլխաւոր գրաւականը այն է, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները անդրադառնան եղած բացթողումներուն եւ արագօրէն կատարեն լրացումներ եւ սրբագրումներ: Ան բարձր գնահատելով հանդերձ հայ զինուորին արի կեցուածքը եւ խիզախութիւնները, ըսաւ. «Մենք բոլորս այսօր կոչուած ենք միահամուռ կերպով տէր կանգնիլ այդ ոգիին եւ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, ուր հայ զինուորին կեանքը առաւելագոյնս խնայուի, եւ ան քաջաբար դիմադրէ բոլոր դժուարութիւններուն եւ պատերազմի վտանգներուն դէմ»:
Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցին, թէ արդեօ՞ք սփիւռքը այս վիճակներէն ելլելով յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տայ Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ, Կիրակոս Գույումճեան պատասխանեց. «Սփիւռքը երբեք յոգնելու կամ այս վիճակներուն առջեւ տեղի տալու իրաւունք չունի. ճիշդ է որ կան դժգոհութիւններ, բայց այդ չի նշանակեր, որ սփիւռքը պատրաստակամ չէ: Ինչպէս երէկ, այսօր ալ, եւ նոյնիսկ վաղը, միահամուռ ու միակամ կեցուածքով եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ սփիւռքը պատրաստ է զօրավիգ կանգնելու Հայաստանին եւ Արցախին»: «Մեր դժգոհութիւնը Հայաստանէն չէ, ոչ ալ՝ Արցախէն, այլ իշխանութիւններէն, որոնք անցնող երկար տարիներու ընթացքին մեր համբերութիւնը չարաշահեցին եւ պէտք եղած լրջութիւնը չցուցաբերեցին կատարուելիք աշխատանքներուն, մանաւանդ Հայաստանի սահմաններուն վրայ կարեւոր գործերուն մէջ. մենք այսքան երկար ժամանակ կը լսէինք, որ արդիական զէնքերով օժտուած հզօր բանակ ունին: Այսօր, սակայն, ուրիշ կացութեան առջեւ ենք, եւ ատոր համար է, որ սրտցաւօրէն կը քննադատենք այս ամբողջ դրութիւնը: Մեզի համար քննադատութիւնը նպատակ չէ, այլ այս խօսքերը կ'ուղղենք, որպէսզի իրականութիւնը փոխուի, որպէսզի մենք կարենանք լիարժէք, արդար եւ թափանցիկ կերպով աշխատիլ եւ գործակցիլ՝ յանուն մեր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ յանուն Արցախի ապահովութեան ու անոր ժողովուրդի բարօրութեան: Մենք այսօր իրապէս յուսախաբ եղած ենք Հայաստանի իշխանութիւններէն, եւ պէտք է այս հանգրուանին բոլորս գլուխ գլխի նստինք եւ խորհինք, թէ ի՞նչ կրնանք ընել, ինչպէ՞ս կրնանք փոխել եւ աւելիով մեր բոլոր ճիգերը համալրել, ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, յանուն Արցախի անվտանգութեան եւ յանուն Արցախցի ժողովուրդի բարօրութեան»: