Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յարութ Ներսէսեան օրերս հարցազրոյց մը տուած հայրենի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթին։ Որոշ յապաւումներով եւ արեւմտահայերէնի վերածելէ ետք, հարցազրոյցը կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան։
-Յարգելի՛ պարոն Ներսէսեան, ներկայացուցէք, խնդրեմ, Աւետարանչական ընկերակցութեան գործունէութիւնը աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ:
-Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը այսօր 103 տարեկան է: Հիմնուած է 1918-ին, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու կողմէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ուսթր քաղաքին մէջ: Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Հայ աւետարանական եկեղեցին տարբեր կառոյցներ են: Մենք եկեղեցի չենք, կրօնական ծառայութիւններ չենք մատուցեր, քրիստոնեայ ենք եւ կը ղեկավարուինք բացառապէս քրիստոնէական սկզբունքներով: Աւետարանչական ընկերակցութիւնը բարեգործական կազմակերպութիւն է, կը համագործակցի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հետ, որ 175 տարուայ պատմութիւն ունի: Ան հիմնուած է 1846-ի 1 յուլիսին՝ Կոստանդնուպոլիս: Չնայած որ բարեգործական աջակցութիւն իրականացուցինք երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ՝ 1989-ին, բայց մեր գրասենեակը Հայաստանի մէջ բացուած է 1991-ին: Ծառայութիւններու հիմնական ուղղութիւնը կրթական է: Պատճառը այն է, որ Աւետարանականները շատ մեծ կարեւորութիւն կու տան կրթական ոլորտի զարգացման: Մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայ Աւետարանականները Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ունէին 200-է աւելի դպրոցներ: Առաջին իգական աւագ դպրոցը բացած են Աւետարանականները: Ես ծնած ու մեծցած եմ Լիբանան եւ յաճախած եմ Աւետարանական քոլէճ՝ Հայկազեան համալսարանի կողքին, եւ շատ հպարտ եմ այդ դպրոցով: Աւետարանչական ընկերակցութիւնը հայ ազգին նուիրուած կազմակերպութիւն է: Կազմակերպութեան,որուն ամբողջ պիւտճէի կէսը կ'ուղղուի միայն Հայաստանին:
-Իսկ կազմակերպութեան աշխարհագրութիւնը կը ներկայացնէ՞ք:
-Աւետարանչական ընկերակցութիւնը ներկայիս ծառայութիւններ կը մատուցանէ 24 երկիրներու մէջ: Ուր, որ հայ կայ, մենք այնտեղ ենք: Հայաստանէն դուրս Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միջոցով կ'իրականացնենք մեր ծառայութիւնը: Միայն Հայաստանի մէջ գրասենեակ հիմնեցինք: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այսօր ունինք 450-է աւելի աշխատակից: Հայաստանը, հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը մեզի համար շատ կարեւոր են: Որպէսզի ունենանք ուժեղ ազգ, ուժեղ ժողովուրդ ու երկիր, պէտք է ունենանք առողջ մտածելակերպով, կրթուած, դաստիարակուած եւ զարգացած քաղաքացիներ: Եւ անոր համար, աւելի շատ ուշադրութիւն կը դարձնենք կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Սակայն առաջնահերթութիւն էր նիւթական օժանդակութիւնը: Ուստի սկզբնական փուլին հովանաւորեցինք ծրագիրներ, նաեւ բժշկական օգնութիւն տրամադրեցինք: Յետոյ աստիճանաբար սկսանք իրականացնել նաեւ կրթական տարբեր ծրագիրներ:
-Կրթական ի՞նչ յատուկ ծրագիրներ կ'իրականացնէք:
-1998-99 թուականներուն հիմնեցինք «Աւետիսեան» կրթօճախը, որ տարուէ տարի ընդլայնուեցաւ եւ այսօր մայրաքաղաքի լաւագոյն կրթահամալիրներէն է: Մօտ կէս տարի առաջ, ԵՊՀ ընկերային աշխատանքի եւ ընկերային արհեստագիտութիւններու ամպիոնի դասախօս, ԱՀԱԸ «Շող» համայնքայեն ցերեկային կեդրոններու ընկերային աշխատանքի խորհրդատու՝ Աննա Ոսկանեանի հետ, «Աւետիսեան» դպրոցին մէջ սկսանք նոր ծրագիր մը, խօսքը ծնողավարման դասընթացքներու մասին է, որու նպատակն է օգնել այն ծնողներուն, որոնք տեղեակ չեն կամ հնարաւորութիւն ու ժամանակ չունին իրենց երեխաներով զբաղելու: Կը նախատեսենք այս ծրագիրը ընդլայնել ու կիրառել նաեւ դպրոցէն դուրս:
Արցախի մէջ ունէինք 4 մանկապարտէզ, մէկը Շուշի էր, բայց, աւաղ, կորսնցուցինք: Լիայոյս ենք, որ Շուշիինը կը վերադարձնենք: Ունինք նաեւ «Շող» կեդրոններ, որոնք խոցելի խումբի երեխաներու համար են. այն երեխաներուն, որոնք, բացի ֆինանսական ծանր դրութեան մէջ ապրելէն, ունին նաեւ հոգեբանական ու ընկերային աջակցութեան կարիք, ընտանեկան լուրջ խնդիրներ ու տարատեսակ վախեր: Այդ կեդրոններուն մէջ դպրոցէն ետք երեխաները կը կերակրուին, եւ մեր ուսուցիչները, հոգեբաններն ու ընկերային ծառայողները կը զբաղին անոնցմով: Երեւանէն բացի, նման կեդրոններ բացած ենք նաեւ Վանաձոր, Գիւմրի, Շուշի եւ Ասկերան: Շուշիի կեդրոնը պիտի տեղափոխենք Ստեփանակերտ:
Յիսուս երբ եկաւ, ուշադրութիւն դարձուց մեղաւորին եւ ինկածին: Քրիստոսին կը քննադատէին, որ մաքսաւորներուն եւ բորոտներուն հետ հաց կը կիսէ: Որպէս քրիստոնէական կազմակերպութիւն՝ մեր գաղափարախօսութեան հիմքը նոյնպէս ինկածին, անտեսուածին եւ արհամարհուածին բարձրացնելու սկզբունքն է: Ունինք նաեւ բժշկական ծառայութիւններ, դարմանատուներ բացած ենք Երեւան եւ Սպիտակ: Մեր ներկայութիւնը ունինք Հայաստանի քսաներեք քաղաքներու ու գիւղերու մէջ:
-Ի՞նչ դերակատարում ունին Արցախն ու արցախահայութիւնը ձեր կազմակերպութեան համար:
-Մենք հիմնական ներկայութիւն ունինք Արցախի մէջ (Շուշի, Ասկերան, Մարտակերտ, Ստեփանակերտ): Այնտեղ ունինք հարիւր աշխատակից: Արցախի մէջ լայնօրէն կ'իրականացնենք բազմաթիւ մշակութային ծրագիրներ: Այստեղ՝ Երեւան, կը կատարենք նաեւ հրատարակչական աշխատանքներ, որոնցմով կը զբաղի Ա. Մարտոյեանը: Ունինք նաեւ թատերական խմբակ՝ «Հայասա», որ տարեկան երկու անգամ ներկայացումներ կու տայ, Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն: Այս տարի Սուրբ Ծնունդին Հայաստան եւ Արցախ բաշխեցինք նուէրներու տասներկու հազար պայուսակ: Գիտէինք, որ դժուար ժամանակներ են, որ հայ ազգը կը սգար պատերազմի հետեւանքները, սակայն երեխայէն իր ուրախութիւնը, իր մանկութիւնը կարելի չէ խլել: Անոր համար հիմնական շեշտը դրուած էր արցախցիներու վրայ: Անցեալ շաբաթ այցելեցինք Վարդենիսի սահմանամերձ 18 գիւղ, եւ յոյս ունինք, որ շուտով կ'այցելենք նաեւ Գորիսի սահմանամերձ գիւղեր՝ երեխաներուն քրիստոնէական յոյսի պատգամը փոխանցելու եւ նուէրներ բաժնելու: Ամէն տարի Հանքաւան եւ Շուշի կը կազմակերպէինք ճամբարներ. տեսնենք, այս տարի ուր պիտի կազմակերպենք Շուշիի ճամբարը: Տարեկան մօտաւորապէս 2000 երեխայ կը հանգստանայ այդտեղ, մօտ 5000 ալ՝ բակային ճամբարները:
Երբ պատերազմը սկսաւ, անմիջապէս կապուեցայ Ամերիկայի՝ մեր տնօրէնին հետ, որ հրահանգեց առանց սահմանափակման ամէն բան ընել արցախցիներուն համար: Մենք մեր կեդրոններուն մէջ կարողացանք տեղաւորել 280 արցախցի: Բացի այդ, նիւթական մեծ օգնութիւն յատկացուցինք հարիւրաւոր մարդոց: Այդ օրերուն մեր կազմակերպութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցեց մէկ միլիոն տոլար: Արցախցի երեխաներուն համար իր դռները բացաւ «Աւետիսեան» դպրոցը, ուր մինչ այժմ կը յաճախէ արցախցի տասնութ երեխայ: Հազար դպրոցականներու համար ձմեռնային հագուստ ու կօշիկ եւ նորածին մանուկներուն անհրաժեշտ պարագաներ յատկացուցինք: Այժմ ամէն բան կ'ընենք, որ արցախցիները վերադառնան Արցախ: Մենք կը հաւատանք արցախցիին, կը սիրենք արցախը եւ նուիրուած ենք Արցախին:
Կը համագործակցինք նաեւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագրին հետ, որու ծիրէն ներս հինգ հարիւր արցախցի երեխայի պիտի յատկացնենք «Լէնովո iPad»-ներ, ներբեռնուած յատուկ կրթական ծրագիրներով: Նաեւ պէտք է վերանորոգենք յիսուն ընտանիքի բնակարան Արցախի մէջ: Այժմ կը փորձենք պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերել քաղաքապետարանի հետ, որպէսզի վերցնենք թաղամաս մը եւ վերանորոգենք բնակարանները: Նաեւ՝ հազար երեխաներու բաժնած ենք մանկական Աստուածաշունչ, զորս մեզի տրամադրած են Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւնը:
-Որքան ալ բարդ է, բայց դուք կը կարողանաք պահել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք փոխկապակցութիւնը: Հայաստանը իր հայեացքը յաճախ կը յառէ դէպի սփիւռք: Իսկ սփիւռքը ի՞նչ պահանջ ու ակնկալիք ունի մայր հայրենիքէն:
-Նախ նշեմ, որ սփիւռքը շատ դրական ընդունեց յեղափոխութիւնը, ոչ թէ որովհետեւ զայն գլխաւորած էր այս կամ այն անձը, այլ որովհետեւ իրականացաւ ժողովուրդի կամքի դրսեւորումով: Սփիւռքը կը ցանկայ առողջ եւ ուժեղ Հայաստան, որ կ'աջակցի սփիւռքին, հզօր Հայաստան, որ ունակ է ներդրումներ կատարելու սփիւռքի մշակութային եւ կրթական կեանքին մէջ՝ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու համար: Նաեւ կը ցանկայ մայր հայրենիքին մէջ տեսնել արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն, եւ որ սփիւռքահայն ալ որոշակիօրէն մասնակից դառնայ պետութեան կառավարման: Չնայած մեր կազմակերպութիւնը քաղաքականութեան մէջ չէ, բայց պէտք է նշել, որ Սփիւռքը իր խօսքը պէտք է ունենայ, իսկ որոշումները պէտք է կայացնէ Հայաստանի ժողովուրդը:
Ամենակարեւորը հայութեան միաբանութիւնն է: Սփիւռքի մէջ հիմա աւելի միաբան ենք, քան երբեւէ: Միաբանուելու համար Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը պէտք է ամրանայ եւ համակարգուի: Չեմ ցանկար քաղաքականութեան դաշտ մուտք գործել, սակայն պէտք է նշեմ, որ կուսակցութիւնները այսօր անհատի շուրջ հաւաքուած են եւ ոչ թէ գաղափարի: Անհատները կ'երթան-կու գան, բայց գաղափարը մնայուն է: Որեւէ մէկը ճշմարտութեան մենաշնորհ չունի: Ազնիւ երկխօսութեան հետեւանքով կը ծագին գաղափարներ, որոնց շուրջ կարող են հաւաքուիլ անխտիր բոլոր հայերը: Այսինքն՝ իմ շահը պէտք է ստորադասեմ ազգի շահէն: Մենք մեր ես-ը պէտք է խոնարհեցնենք: Հայերս հսկայական էկո ունինք: Պէտք է միշտ ենթադրենք, որ դիմացինը գիտէ բան մը, որ մենք չենք գիտեր: Այս առումով ճիշդ դաստիարակութիւն պէտք է մտնէ ժողովուրդի մէջ, վարէն մինչեւ վերին շերտերը:
Հարցազրոյցը՝ Մարիամ Աւագեանի
«Հայաստանի Հանրապետութիւն»
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ