image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ միայն «Հաժ Հաշէմ». Ինչո՞ւ ԱՄՆ եւ Իսրայէլ «Հըզպալլա»ի ղեկավարներու նկարներ կը հրապարակեն

Ոչ միայն «Հաժ Հաշէմ». Ինչո՞ւ ԱՄՆ եւ Իսրայէլ «Հըզպալլա»ի ղեկավարներու նկարներ կը հրապարակեն

Ահմատ Ալ Հաժ Ալի «Ալ Մուտուն»ի մէջ կը գրէ. «Հաւանաբար պատահականութիւն չէ «Հըզպալլա»ի հետ կապուած երեք դէպքերու համընկնումը. Առաջինը՝ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ «Հըզպալլա»ի ղեկավարներ Թալալ Հիմիայի եւ Ֆուատ Շաքարի ձերբակալման աջակցողներուն դրամական պարգեւ յատկացուիլն է, երկրորդը՝ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարին կատարած այցելութիւնն է Իսրայէլ, ուր քննարկուեցան Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի գոյութիւնը, երրորդը՝ Իսրայէլի կողմէ «Հաճ Հաշէմ»ի լուսանկարի հրապարակումն է, որ Կոլանի մէջ «Հըզպալլա»ի ղեկավարներէն է»:

Յօդուածագիրը շարունակելով կը նշէ, որ Թալալ Հիմիայի եւ Ֆուատ Շաքարի լուսանկարներու հրապարակումէն ընդամէնը երկու շաբաթ անց իսրայէլեան բանակը «Հաճ Հաշեմ» անունով ծանօթ Նաիմ Շիիթոյի լուսանկարը հրապարակելով յայտարարեց, թէ ան «Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ «Հըզպալլա»ի ռազմական հրամանատարն ու Իրանի հաւատարմատարն է», բան մը, որ առիթ կու տայ մտածելու, թէ ամերիա-իսրայէլեան ծրագիր մը կը մշակուի «Հըզպալլա»ի դէմ, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ նախանցեալ տարի ամերիկեան լրատուամիջոցները բացայայտած էին, թէ 2008 թուականին սպաննուած «Հըզպալլա»ի ռազմական հրամանատար Իմատ Մուղնիէի սպանութեան ետին ամերիա-իսրայէլեան համագործակցութիւնն էր, որ եւ կրնայ կրկնուիլ:

Յօդուածագիրը պնդած է, որ «Հաժ Հաշէմ»ի լուսանկարի հրապարակումէն ետք   տեղի ունեցաւ  Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարին Իսրայէլ կատարած այցին, ուր քննարկուեցան Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի Կոլանէն նուազագոյն թուլատրելի հեռաւորութիւնը, եւ մինչ իսրայէլեան կողմը կը պնդէր, որ այդ հեռաւորութիւնը պէտք է կազմէ 40 քմ, ռուսական կողմը 10-15 քմ հեռաւորութեամբ կը սահմանէր այն, իր պնդումը պատճառաբանելով, որ այդ սահմանին վրայ Իրան եւ «Հըզպալլա» երբեք անմիջական հակամարտութեան մէջ չեն մտներ իսրայէլեան ուժերուն հետ:

Ահմատ Ալ Հաժ Ալի համոզուած է, որ Իսրայէլ պարբերաբար իր կողմէ հետախուզուող մարդոց լուսանկարներ կը տարածէ, անոնցմէ յիշելով մանաւանդ 1945 թուականին մուֆթի Ալ Հաճ Ամին Ալ Հուսէյնիի լուսանկարի հրապարակումն էր, երբ վերջինս Ռաշիտ Ալի Ալ Քէյլանիի յեղափոխութեան ձախողումէն ետք Նիւրէմպէրկ ապաստանած էր, իսկ երկրորդ նոյնքան կարեւոր օրինակը 1967 թուականին որպէս առաջին կարգի հետախուզուող, Եասէր Արաֆաթի լուսանկարի հրապարակումն էր, երբ իսրայէլեան կառավարութիւնն իմացած էր, որ վերջինս Երուսաղէմ կը գտնուի:

2011 թուականին ազատ արձակուած գերիներէն մէկը «Ալ Մուտուն»ին պատմած է, որ «Իսրայէլ հետախուզուողներու անուններ հրապարակելու քաղաքականութեան կը դիմէ այն պահուն, երբ կը հասկնայ, թէ անձի անուան հրապարակումն առաւել «շահաբեր» կրնայ ըլլալ: Ան նշած է, որ երբեմն անուան հրապարակումը շատ կարճ ժամանակով կը նախորդէ սպանութեան, ինչպէս պատահեցաւ Ռաէտ Ալ Աթթարի պարագային:

Իսրայէլեան բանտերուն մէջ 16 տարի մնացած գերին կարծիք յայտնած է նաեւ, որ անձի տուեալներու հրապարակումը կը դժուարացնէ տուեալ անձի տեղաշարժը, եւ շատ անգամ անձը չափազանցուած զգուշաւորութեան հետեւանքով սխալի մէջ կ'իյնայ: Բացի անկէ, երբ մարդիկ կ'իմանան, թէ անձը հետախուզման մէջ է, կը սկսին խուսափիլ անկէ: Խօսքի աւարտին ազատագրուած գերին յայտնած է, որ Իսրայէլ պատմութեան ընթացքին պարբերաբար դիմած է անուններու ցուցակներ հրապարակելուն, որոնցմէ է օրինակ Միւնիխի գործողութենէն ետք «Կոլտա Մայիր»ի ցուցակի հրապարակումը, նշելու համար, որ ինք գործ կ'ունենայ առանձին անհատներու հետ, եւ ոչ թէ ամբողջ ժողովուրդին  հետ: