image
Հրատապ լուրեր:

Վերլուծական. Թուրքիոյ Քիւրտերը Եւ Զոհի Կարգավիճակը

Վերլուծական.  Թուրքիոյ Քիւրտերը  Եւ Զոհի  Կարգավիճակը

Անգարայի մէջ   անցեալ Շաբաթ օր գրանցուած    ահաբեկչական պայթումը     երկրի ընդհանուր իրավիճակը  նոր հարթութեան կը տանէր:  Երկրին մէջ ցոյց- հակացոյց    «խաղ»ը նոր    ձեւաչափերու կ'երթար: Մտահոգիչ է   նաեւ, որ քրտամէտ եւ ձախակողմեան ուժերուն կարծիքով   տեղի ունեցած   ահաբեկչութեան ետին կը կանգնին  իշխանութիւնները:Էրտողանի վարչախումբին համար  իշխանութիւնը պահելը  մահ ու կենաց հարց է:Ու   գաղտնիք ալ չէ, որ  Թուրքիոյ ուշացած Սուլթանը, (որ մինչեւ հիմա թիւ   301 յօդուածին յենելով կրնայ լրագրողներ բանտարկել) իր բոլոր զէնքերը պիտի գործածէ պահելու համար աթոռը: Այս  ընդհանուր պատկերին  առջեւ կարեւորագոյն   օրակարգը    1 Նոյեմբերին նախատեսուած  խորհրդարանական ընտրութիւններն են, որոնք կրնան   խափանուիլ, յետաձգուիլ կամ «ջնջուիլ»:

Էրտողան չի կրնար   ընտրութիւնները կեղծել, որովհետեւ այդպիսի    արարքով մը,    երկիրը կրնայ քաղաքացիական պատերազմի տանիլ: Իսկ ընտրութիւններուն  կայացումը  քաղաքական   տագնապը  պիտի դարձնէ աւելի   տիրական,  որովհետեւ      անցնող  7 Յունիսին  HDP-ն իր ստացած քուէներէն աւելի քուէներ պիտի ստանայ: Հետեւաբար  ամէնէն հեշտը     յառաջիկայ ընտրութիւններուն խափանումն է եւ այդ խափանումը իրականացնելու  համար իշխանութիւնը «հազար ու մի  ելք  ունի»:

Այս բոլորէն անդին   կարեւոր է  իմանալ «խորքային պետութեան»   կեցուածքը: Այս առումով քիչ  չէ թիւը այն դէտերուն, որոնք կը խօսին զինուորական  հաւանական յեղաշրջման մը  մասին:   Թուրքիոյ բանակի   բարձրաստիճան զօրավարները  այդ   «լուծում»ով  մէկդի նետած կ'ըլլան  «Էրտողան  գոնսէբթ»ը:  Անոնց   ուշացած  երազը  այդպիսով ոտքի կրնայ  ելլել, հակառակ անոր որ   Միացեալ Նահանգներու համար    նախընտրելի է Նէօ- Իսլամ  ըմբռնումներու դրօշակիր   AKP   կուսակցութիւնը:  Բացի  ասկէ      տարբեր շրջանակներ կը խօսին նախկին նախագահ Ապտալլա  Կիւլի   իշխանութեան խաղադաշտ վերադարձին մասին: Կիւլ   աւելի  վստահելի  գործընկեր է արեւմուտքին համար, իսկ բանակին տեղ  տալ կը նշանակէ    անհաւանական  արդիւնքներ սպասել :

  Կարեւոր է նաեւ հասկնալ, որ միջազգային հանրութեան համար    յաւելեալ ծանր բեռ մը ունենալը    մերժելի է: Հետեւաբար  Թուրքիոյ  կայունութեան  պահպանումը նոյնպէս  կարեւոր է ու   անյետաձգելի:

Փոքր ցնցումները,  արիւնը, բողոքի երթերը  եւ մահերը ոչ մէկ կարեւոր միաւոր  կը ներկայացնեն    շրջանին մէջ  «դարձուող խաղ»ին մէջ:

Մտահոգիչ է    մանաւանդ    Թուրքիոյ քիւրտերուն    իրավիճակը, որոնք կրնան       այսօրուան Թուրքիոյ  հերթական  զոհերը դառնալ:

  Քիւրտերը եթէ զգօն չըլլան իրենց քայլերուն մէջ ապա այսօրուան  Թուրքիոյ,  անահանգիստ Թուրքիոյ  հաւանական  զոհերը կրնան  դառնալ:

 

  «Խմբագիր»