Անգարայի մէջ անցեալ Շաբաթ օր գրանցուած ահաբեկչական պայթումը երկրի ընդհանուր իրավիճակը նոր հարթութեան կը տանէր: Երկրին մէջ ցոյց- հակացոյց «խաղ»ը նոր ձեւաչափերու կ'երթար: Մտահոգիչ է նաեւ, որ քրտամէտ եւ ձախակողմեան ուժերուն կարծիքով տեղի ունեցած ահաբեկչութեան ետին կը կանգնին իշխանութիւնները:Էրտողանի վարչախումբին համար իշխանութիւնը պահելը մահ ու կենաց հարց է:Ու գաղտնիք ալ չէ, որ Թուրքիոյ ուշացած Սուլթանը, (որ մինչեւ հիմա թիւ 301 յօդուածին յենելով կրնայ լրագրողներ բանտարկել) իր բոլոր զէնքերը պիտի գործածէ պահելու համար աթոռը: Այս ընդհանուր պատկերին առջեւ կարեւորագոյն օրակարգը 1 Նոյեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններն են, որոնք կրնան խափանուիլ, յետաձգուիլ կամ «ջնջուիլ»:
Էրտողան չի կրնար ընտրութիւնները կեղծել, որովհետեւ այդպիսի արարքով մը, երկիրը կրնայ քաղաքացիական պատերազմի տանիլ: Իսկ ընտրութիւններուն կայացումը քաղաքական տագնապը պիտի դարձնէ աւելի տիրական, որովհետեւ անցնող 7 Յունիսին HDP-ն իր ստացած քուէներէն աւելի քուէներ պիտի ստանայ: Հետեւաբար ամէնէն հեշտը յառաջիկայ ընտրութիւններուն խափանումն է եւ այդ խափանումը իրականացնելու համար իշխանութիւնը «հազար ու մի ելք ունի»:
Այս բոլորէն անդին կարեւոր է իմանալ «խորքային պետութեան» կեցուածքը: Այս առումով քիչ չէ թիւը այն դէտերուն, որոնք կը խօսին զինուորական հաւանական յեղաշրջման մը մասին: Թուրքիոյ բանակի բարձրաստիճան զօրավարները այդ «լուծում»ով մէկդի նետած կ'ըլլան «Էրտողան գոնսէբթ»ը: Անոնց ուշացած երազը այդպիսով ոտքի կրնայ ելլել, հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու համար նախընտրելի է Նէօ- Իսլամ ըմբռնումներու դրօշակիր AKP կուսակցութիւնը: Բացի ասկէ տարբեր շրջանակներ կը խօսին նախկին նախագահ Ապտալլա Կիւլի իշխանութեան խաղադաշտ վերադարձին մասին: Կիւլ աւելի վստահելի գործընկեր է արեւմուտքին համար, իսկ բանակին տեղ տալ կը նշանակէ անհաւանական արդիւնքներ սպասել :
Կարեւոր է նաեւ հասկնալ, որ միջազգային հանրութեան համար յաւելեալ ծանր բեռ մը ունենալը մերժելի է: Հետեւաբար Թուրքիոյ կայունութեան պահպանումը նոյնպէս կարեւոր է ու անյետաձգելի:
Փոքր ցնցումները, արիւնը, բողոքի երթերը եւ մահերը ոչ մէկ կարեւոր միաւոր կը ներկայացնեն շրջանին մէջ «դարձուող խաղ»ին մէջ:
Մտահոգիչ է մանաւանդ Թուրքիոյ քիւրտերուն իրավիճակը, որոնք կրնան այսօրուան Թուրքիոյ հերթական զոհերը դառնալ:
Քիւրտերը եթէ զգօն չըլլան իրենց քայլերուն մէջ ապա այսօրուան Թուրքիոյ, անահանգիստ Թուրքիոյ հաւանական զոհերը կրնան դառնալ:
«Խմբագիր»