image

Վենեզուելիայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրո փրկուեցաւ մահափորձէ (Տեսանիւթ)

Վենեզուելիայի նախագահ  Նիքոլաս Մատուրո   փրկուեցաւ   մահափորձէ (Տեսանիւթ)

Վենեզուելական «Ֆլանելէ զինուորներ» (Soldados de Franelas) զինուած խմբաւորումը ստանձնած է երկրի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ իրագործուած մահափորձի պատասխանատուութիւնը:

Խմբաւորման անդամները մանրամասնած են, որ օգտագործած են երկու հատ անօդաչու թռչող սարք՝ համալրուած С4 պայթուցիկով: Սակայն անոնք չեն յաջողած հասնիլ նախագահական ամպիոնի մօտ, քանի որ դիպուկահարները վնասազերծած են:

«Մենք ցոյց տուինք, որ կառավարութիւնը խոցելի է: Այսօր մենք չհասանք մեր նպատակին, բայց այդ սոսկ ժամանակի հարց է»,- նշուած է խմբաւորման էջին վրայ:

Մինչդեռ նախագահ Մատուրոն յայտարարած է, որ իր դէմ իրագործուած մահափորձի առընչութեամբ քանի մը անձ ձերբակալուած է: Երկրի ղեկավարի կարծիքով՝ կատարուածի պատասխանատուութիւնը կը կրէ Գոլոմպիայի նախագահ Խուան Մանուէլ Սանտոսը: Սակայն Գոլոմպիայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը շտապած է հերքել տեղեկութիւնը:

Երկրի գլխաւոր դատախազը կատարուածը որակած է ահաբեկչութիւն: