ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի հանդիպին Տաւոսի մէջ:
Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց VDL կայանը: Աղբիւրը, որ ներկայացուցած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի Տաւոսի համաժողովի շրջանակներուն մէջ ունենալիք հանդիպումներու ցանկը նշած է, որ այդ հանդիպումներու ծիրէն ներս Հարիրի պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ՝ Կարէն Կարապետեանին հետ:
Եթէ հանդիպումը կայանայ, ապա այն պիտի ըլլայ երկու գործիչներուն միջեւ առաջին հանդիպումը: