image

Վաղը ճակատագրական օր Հալէպի համար. Ընդդիմադիրները կը մերժեն լքել իրենց դիրքերը

Վաղը ճակատագրական օր Հալէպի համար. Ընդդիմադիրները կը մերժեն լքել իրենց դիրքերը

Վաղը, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, հրադադար   յայտարարուած  է Հալէպի մէջ: Ռուսական կողմին  առաջարկով կայացուելիք  այս  հրադադարը   առիթ պիտի  դառնայ, որ ընդդիմադիր  կոչուած   զինեալներ  հեռանան  Հալէպի արեւելեան հատուածներու իրենց դիրքերէն: Նշենք, որ ըստ BBC Arabic կայանին, վաղը ճակատագրական օր մը պիտի ըլլայ Հալէպի համար, որովհետեւ ընդդիմադիր զինեալներ մինչեւ այս պահը կը մերժեն Մոսկուայի առաջարկը եւ շատ հաւանական է, որ  օրուան աւարտին    ռուսական կործանիչներ   վերսկսին իրենց գրոհները: