Հոկտեմբեր 5-ին, Երեւանի մէջ, «Մետ Քէյր Արմենիա»ի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ առողջապահական մարզի կարեւորագոյն մասնագիտական փակ շնորհանդէս մը: Ձեռնարկը բացառիկ նշանակութիւն ունի տեղական բժշկագիտութեան համար, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով ուռուցքաբանութեան եւ վերականգնողական բժշկութեան միջազգային առաջատար փորձն ու վերջին նորարարութիւնները կը ներկայացուին անմիջապէս Հայաստանի մէջ:
Շնորհանդէսին, իբրեւ հիմնական բանախօսներ, ելոյթ պիտի ունենան Փարիզէն եւ Լիբանանէն ժամանած միջազգային ճանաչում ունեցող մասնագէտներ: Միջոցառման անցկացումը Հայաստանի մէջ նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ տեղացի ուռուցքաբաններու, քիմիոթերափիի մասնագէտներու եւ առողջապահական համակարգի ղեկավարներու համար՝ ծանօթանալու եւ տեղւոյն վրայ կիրարկելու բժշկական խնամքի ու ապաքինման համաշխարհային երկու կարեւորագոյն լուծումներ.
Ֆոթոպիոմոտուլացիոն թերափեւտիկ վերականգնողական սարքաւորում, որ նոր չափանիշներ կը սահմանէ քաղցկեղի դարմանման հետեւանքներէն ապաքինելու համար:
TeleMed թուային հաւելուած, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանէն անմիջականօրէն կապ հաստատելու ֆրանսական առաջատար հիւանդանոցներու ուռուցքաբաններուն հետ եւ ստանալու անկախ ու վստահելի երկրորդ բժշկական կարծիք:
Ձեռնարկը պիտի տեղի ունենայ հոկտեմբեր 5-ին, ժամը 15:40-էն 18:00, «Օփերա Սուիթ» հիւրանոցին մէջ («Մոցարթ» սրահ, ք. Երեւան, Ռաֆայէլ Լեմքինի փողոց 1):
Կազմակերպիչները կը հրաւիրեն թեմայով հետաքրքրուած մասնագէտները, փորձագէտներն ու լրագրողները: