image

Տումա գտնուող բոլոր առեւանգեալները ազատ արձակուած են

Տումա գտնուող բոլոր առեւանգեալները ազատ արձակուած են

Սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը երէկ յայտնած է, որ Տումայի մէջ ողջ մնացած բոլոր առեւանգեալները այսօր ազատ պիտի արձակուին, իսկ նահատակուածներու դիակները պիտի յանձնուին իրենց ընտանիքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՍԱՆԱ» գործակալութիւնը:

Պաշտօնական աղբիւրը հաստատած է, որ առեւանգեալներու հազարաւոր թիւերու մասին խօսակցութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ սխալ են, այդ թիւերը ահաբեկիչներու կողմէ ուրճացուած են, բանակցութիւններու պայմանները ի շահ իրենց բրելաւելու նպատակով:

«Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի զինեալներու Տումայէն դուրս գալու դիմաց առեւանգեալները ազատ արձակելու համաձայնութեան ծիրէն ներս, առեւանգեալներու առաջին խումբը կիրակի 9 մատին դուրս եկած էր, որոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ եւ կիներ, որոնք 4 տարի առաջ առեւանգուած էին Ատրա Ալ-ումալլիա քաղաքէն: