«Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութեան առաջնորդ, «Քորոնա» ժահրով վարակուած Գագիկ Ծառուկեան մեկուսացած է իր առանձնատունը, ան տնային պայմաններով կը բուժուի:
«Ան տան մէջ կաթիլային կը ստանայ, կը գտնուի «Էրեբունի» Բժշկական Կեդրոնի բժիշկներու հսկողութեան տակ: Քանի մը օր ջերմութիւն ունեցած է 37.1 յետոյ 37.3, հիմա ինքզինք լաւ կը զգայ, ջերմութիւն չունի: Թոքաբորբի նշաններ կան մօտը: Ան իր առանձնատունը մեկուսացած է, աւելի շատ մտահոգ է իր 88 ամեայ մօր եւ 92 ամեայ հօր վրայ»,- ըսած է Գագիկ Ծառուկեանի փաստաբան Էմին Մկրտչեան:
Ան նշած է, որ երեքշաբթի օր, դատական նիստ նշանակուած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ առանց Ծառուկեանի մասնակցութեան, եւ հետագային արդէն կը քննարկեն Ծառուկեանի մասնակցութեամբ թէ ոչ, ըստ անոր առողջական վիճակին:
ԲՀԿ-ի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի վարակուելու մասին լուրը յայտնի դարձած էր 30 Յունիսին: Ծառուկեանի աւագ որդին նոյնպէս վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Լուրը ՝ «Նիւզ.ամ» կայքէն։