image

Թրամփ. Ստիպուած են զիջումներու երթալ

Թրամփ. Ստիպուած են զիջումներու երթալ

 

Ոչ ոք զիջումներու երթալ կ՚ուզէ, սակայն գործարք կնքելու համար ե՛ւ Փութին, ե՛ւ Զելենսքի ստիպուած պիտի ըլլան զիջումներու երթալու։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

Ուքրանիոյ մասին խօսելով՝ Թրամփ նշած է, որ ԱՄՆ-ը Ուքրանիոյ կողմէ «Patriot» հրթիռներու արտադրութեան համաձայնութիւն չէ տուած՝ աւելցնելով, որ այդ հարցը պէտք է զգուշօրէն լուծուի։

«ԱՄՆ-ը «Patriot»ի արտադրութեան արհեստագիտութիւնները ոեւէ մէկուն չէ փոխանցած, եւ ասիկա քիչ հաւանական է։ Այս զէնքերը կրնան գործածուիլ Ուաշինկթընի դէմ։ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Զելենսքիին բացատրած եմ «Patriot» եւ «Tomahawk» հրթիռները Քիեւին հաւանական փոխանցման առնչուող դժուարութիւնները»,– նշած է ան։

Աւելի վաղ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքի յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ը արտօնած է Ուքրանիոյ մէջ «Patriot» հրթիռներու արտադրութիւնը։