image

Վերաբացում՝ Ամասիոյ պատմական «վենք» (Վանք) լուսաղբիւրին

Վերաբացում՝ Ամասիոյ պատմական «վենք» (Վանք) լուսաղբիւրին

 

Ամասիոյ պատմական «Վենք սույու» (Վանքի ջուր) լուսաղբիւրը ամբողջական վերանորոգութենէ ետք վերաբացուած է այցելուներուն՝ վերագտնելով իր նշանակութիւնը որպէս հայ եւ յոյն համայնքներու դարաւոր ուխտավայր եւ Ամասիոյ բազմամշակութային ժառանգութեան կարեւոր յուշարձան։ Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են նաեւ պոլսահայ 42 հոգինոց ուխտաւորներու խումբը, որ աղօթքով ու այցելութեամբ մասնակցած է պատմական սրբավայրի վերածնունդին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ամասիոյ Կէօքմէտրէսէ թաղամասին մէջ կը գտնուի «Վենք սույու» (Վանքի ջուր) լուսաղբիւրը, որ դարեր շարունակ կարեւոր ուխտավայր մը եղած է հայ եւ յոյն համայնքներուն համար։ Այս լուսաղբիւրը ամբողջական վերանորոգութենէ ետք վերաբացուեցաւ այցելուներուն։

Վերանորոգութիւնը կատարուեցաւ Ամասիոյ քաղաքապետարանի եւ Արեւելեան Սեւծովեան Զարգացման Ծրագիրի համատեղ ջանքերով։ Աշխատանքներուն շնորհիւ, բնական աղբիւրի վրայ կառուցուած այս պատմական սրբավայրը նոր կեանք ստացաւ։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան տեղական իշխանութիւններ, քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ, մշակութային գործիչներ եւ Թուրքիոյ զանազան շրջաններէն հիւրեր։

Իսթանպուլահայ ուխտաւորներու 42 հոգինոց խումբ մը եւս ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան։ Անոնցմէ 12ը նախկին ամասիացիներ էին, միւսները պարզապէս ուխտաւորներ, որոնց պտոյտի թուականը յարմարցուած էր այս լուսաղբիւրի բացման օրերուն։

Ուխտաւորներու այցելութիւնը կազմակերպուած էր համայնքային գործիչ Գարեգին Պարսամեանի առաջնորդութեամբ։ Խումբը 12-15 Յունիս թուականներու միջեւ հետաքրքրական պտոյտ մը ունեցաւ. ուխտաւորները առիթ ունեցան այցելելու պատմական սրբավայրը, աղօթելու եւ մօտէն ծանօթանալու վերանորոգուած համալիրին, մասնակցելով նաեւ պատմական այս արարողութեան։ Քաղաքապետութիւնը հրաւէր ուղղած էր Յունաց եւ Հայոց Պատրիարքութիւններուն, որոնք շնորհաւորական գիրերով գնահատած էին այս նախաձեռնութիւնը։

Մասնագէտներու համաձայն, «Վենք սույու» լուսաղբիւրը երկար տարիներ եղած է մկրտութիւններու եւ ուխտագնացութիւններու կեդրոն։ Անուանումը կը կազմուի հայերէն «Վանք» եւ յունարէն «Այազմա» (լուսաղբիւր) բառերէն։ Պատմական աղբիւրները կը վկայեն, որ անցեալին հայերն ու յոյները պարբերաբար այստեղ կը հաւաքուէին կրօնական արարողութիւններու համար։ Կառոյցը իր ճարտարապետական յատկութիւններով կը պատկանի 14-15-րդ դարերու աւանդութեան եւ կը նկատուի Ամասիոյ բազմամշակութային ժառանգութեան կարեւոր մասերէն մէկը։

Վերանորոգուած լուսաղբիւրը այժմ կը սպասէ թէ՛ տեղացի այցելուներուն եւ թէ՛ արտասահմանէն ժամանելիք ուխտաւորներուն։