Իրանի Պարսից ծոցի ջրային ուղիներու կազմակերպութիւնը յայտարարած է Հորմուզի նեղուցով նաւերու երթեւեկութեան ամբողջական դադրեցման մասին։
«Շրջանին մէջ ԱՄՆ-ի ռազմական ուժերուն կողմէ շարունակուող յարձակողական գործողութիւններուն պատճառով Հորմուզի նեղուցով անցքը ներկայիս փակ է։
Կայունութեան եւ հանդարտութեան վերահաստատումէն ետք, բոլոր դիմումները առաջնահերթութեան կարգով պիտի քննարկուին, իսկ արտօնութիւնները աստիճանաբար պիտի տրամադրուին»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։