Սակայն մենք մեր անձերը չէ որ կը քարոզենք, այլ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը կը քարոզենք եւ Յիսուսի սիրոյն մենք մեզ ձեր ծառաները դարձուցած ենք» (Բ. Կր 4.5):
Պօղոս Առաքեալի բառերը գրուած են իբրեւ պատասխան անոնց, որոնք կասկածանքով կը մօտենային Առաքեալին գործունէութեան, յատկապէս անոր քարոզութեան: Պօղոս Առաքեալ քաջաբար եւ ճշմարտութիւնն մեկնակէտ ընդունելով կը հաստատէ թէ ինք ո՛չ իր անձին, ո՛չ ալ ուրիշ ոեւէ մարդու կամ փիլիսոփայութեան աղաղակող ձայնն է, այլ միմիայն Քրիստոսի Աւետարանին պատգամաբերն ու լոյսի տարածիչը: Պօղոս Առաքեալ ինքզինք ծառայ կը նկատէ: Իր խօսքերը ըսուած են յատուկ շրջագիծի մէջ եւ յատուկ համայնքի մը հաւատացեալներուն ուղղուած են, սակայն անոնք սահման կամ պարունակ չեն ճանչնար: Առաքեալին խօսքերը կը պատկանին անոնց, որոնք կը հաւատան թէ Հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներն ալ կոչուած են ծառայ ըլլալու:
Մենք Աւետարանը չենք հռչակեր որպէս Աստուծոյ անդաստանին մէջ աշխատող այնպիսի մարդիկ, որոնք կը քարոզեն Աւետարանի խօսքերը, կը կատարեն Ս. Խորհուրդները, կ'այցելեն հիւանդներն ու սգաւորները, ժողովներուն կը նախագահեն, պարզապէս որպէսզի պարտականութիւն մը կատարած ըլլան: Մենք այս բոլորը կ'ընենք որովհետեւ Առաքեալին բառերով ծառայ ենք, սպասաւոր:
Վերը՝ Աւետարանի հատուածին մէջ յիշուած «ծառայ» բառը մեր ընդհանրապէս կարդացած կամ լսած Յունարէն Diakonos բառը չէ, այլ Doulosն է, որ տառացիօրէն կը նշանակէ գերի: Տառացի թարգմանութեամբ նախադասութիւնը կ'ըլլայ «Յիսուսի սիրոյն մենք մեզ ձեր գերիները դարձուցած ենք»: Այո՛, գերի մը որ ազատութիւն չ'ուներ, բացի անկէ որ ինք կամակատարն էր իր Տիրոջ: Սակայն Պօղոս Առաքեալ ինչո՞ւ համար իր եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը պիտի նմանցնէր գերութեան: Չէ՞ որ ինք այլ հատուածի մը մէջ կը հաստատէ, թէ Աստուած մեզ կանչած է որ ազատ ըլլանք (Գղ 5.13) եւ թէ ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է (Բ. Կր 3.17): Բայց մենք գերի բառին կը հանդիպինք, իբրեւ ծառայութեան խորհրդանիշ, շարք մը պատճառներով:
Ա) Հին ժամանակներուն, գերիները միայն այն մարդիկը չէին, որոնք ազատութիւն կամ մարդկային տարրական իրաւունքներ չէին վայելեր: Ճիշդ է որ անոնք հաւասար չէին իրենց տէրերուն, սակայն անոնք տնտեսներն էին եւ անպաշտօն կառավարիչները տան գործերուն: Իրենց վստահուած էր տունը վերածել լաւ բնակարանի: Մենք ալ կոչուած ենք, իբրեւ սպասաւորներ, ըլլալու գիտակից եւ պատասխանատու տնտեսները Աստուծոյ տան ու ժողովուրդին:
Բ) Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ բանի մը գերին է: Ոմանք իրենց եսին, ուրիշներ դրամին, դիրքին, փառքին ու մեծաշռինդ ծափահարութիւններուն: Կան մարդիկ, որոնք գերի են հեղինակութիւն բանեցնելու ու ամէն ինչի տիրութիւն ընելու: Ոմանք գերի են տարբեր տեսակի ընկերային եւ անձնական սովորութիւններու, նախասիրութիւններու ու երբեմն ախտերու: Հետեւաբար, չկան այսպէս կոչուած ամբողջական ազատ մարդիկ: Վերջապէս, կապուածութիւնն ալ ինքնին իր տեսակին մէջ գերութիւն է: Սակայն կապուածութիւն Աստուծոյ, կեանքի ճշմարիտ աղբիւրին, իսկակա՛ն ազատութիւն է: Գերութիւն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի եւ այն առաքելութեան որ եկեղեցւոյ վստահուած է, կը նշանակէ ազատութիւն մեր ծառայութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հոգիի, սիրտի ու միտքի հանգստութիւն: Ճշմարտութեան ու միակ Ճշմարիտին ծառայողներն են միայն որ ազատ են, որովհետեւ անոնք ընտրած են նեղ, սակայն լաւագոյն ճամբան:
Գ) Ամէն տեսակի ծառայութիւն նոյնը չէ: Ծառայութիւնն ալ իր աստիճանները ունի. կայ խորապէս նուիրուած ծառայութիւն, կամ թեթեւ ծառայութիւն: Ծառայութիւն կայ որ կը բնորոշուի ժամանակով, գրասենեակով, շաբաթական կարգ մը օրերով ու ժամերով: Տակաւին ան հիմնուած կրնայ ըլլալ առօրեայ տրամադրութիւններու ու յատուկ անձերու վրայ: Սակայն գերիներուն ծառայութիւնը ո՛չ ժամ եւ ո՛չ պաշտօն կը ճանչնար: Տրամադրութիւնն ալ կարեւոր չէր իրենց համար, որքան իրենց ամբողջական նուիրումը իրենց Տիրոջ: Գերիներուն յարատեւ պատրաստակամութիւնն ու նուիրումը կենդանի օրինակի ու պատգամի կը վերածուին Պօղոս Առաքեալի նամակին մէջ՝ ուղղուած ընդհանրական եկեղեցւոյ:
Ծառայութիւնը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ, ոչ ալ անձի մը կամ յատուկ խումբի ուղղուած: Այլապէս ան կը վերածուի այլ տեսակի գերութեան, որ աներեւոյթ կապանքներով կ'իշխէ մեր կեանքին վրայ: Բ. Կորնթացիներուն նամակէն առնուած այս հատուածին բանալին ծառայութիւնն ու գերութիւնը չեն, այլ անոնց հասցէատէրը՝ Աստուած: Այո՛, մենք յաճախ կը կրկնենք թէ մենք ծառաներն ենք մեր ժողովուրդին, սակայն որո՞ւ սիրոյն. Քրիստոսի՛ սիրոյն:
Այսպէս է որ մեր ծառայութիւնը կ'իմաստաւորուի, միշտ կը նորոգուի, մեզի ներշնչելով այն վստահութիւնը, թէ ծառայութիւնը կեանքի իւրայատուկ ձեւ է, թէ որքան ալ դառն ըլլան մեր օրերը այս ծառայութեան պատճառով, որքան ալ հալածուինք ու երբեմն սխալ հասկցուինք մեր ծառայութեան մէջ, գիտենք որ մեր վարձատրութիւնը Ամենակալ Աստուծոյ մօտ է, գիտենք որ ճշմարտութեան կը ծառայենք, եւ գիտենք որ նոյն Տէրը մեզի պիտի տայ անհրաժեշտ զօրութիւնն ու կարողութիւնը որպէսզի հաստատուն մնանք մեր ծառայութեան մէջ, իր փառքին ու փառաւորութեան, իր Թագաւորութեան հաստատման եւ եկեղեցւոյ պայծառացման համար:
Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան
Կարդացուած՝ Ղեւոնդեանց Համագումարին, 2016